Easton’s Bible Dictionary-ին համաձայն «հայր» բառը «Ապ» [’ab /awb/] բառն է, որ կը նշանակէ՝

  1. Պետ, քահանայ (Դտ 17.10, 18.19)
  2. Կառավարող (Ա.Թգ 10.12)
  3. Երէց (Դ.Թգ 2.12: Մտ 23.10)
  4. Սկիզբ կամ հեղինակ (Ծն 4.20-21)

Հայր անուանումը կը խօսի ինքնութեան մը մասին, որուն հարազատ եւ իսկական պատկերը Աստուած Ի՛նք է:

Հռութի գիրքին մէջ կը կարդանք ընտանիքի մը պատմութիւնը: Ելիմելէք տան հայրն էր: Դժուարութեան ատեն, փոխանակ որ ան Աստուծոյ դիմելով հարցին լուծում գտնէր, փախուստ տուաւ:

Այս հատուածին մէջ նշուած անունները մեզի գեղեցիկ պատկեր մը կու տան.

  1. Ելիմելէք կը նշանակէ «Աստուած իմ թագաւորս է»
  2. Եփրաթացի կը նշանակէ «Շողշողուն»
  3. Բեթլէհէմ կը նշանակէ «Հացի տուն»
  4. Նոեմի կը նշանակէ «Հաճելի»

Այս 4 կէտերը Աստուծոյ կողմէ տրուած էին եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը ցոյց կու տային: Բայց Ելիմելէք եւ Նոեմի իրենց զաւակներուն անունները դրած էին Մաալոն, այսինքն՝ հիւանդ եւ Քելլոն, այսինքն՝ Մաշիլ եւ թոշմիլ: Մարդիկ իրենց սխալ մտայնութեամբ այսպիսի որոշումներ կ'առնեն:

Այս ընտանիքը կ’ապրէր Բեթլէհէմի մէջ, որ կը նշանակէ՝ «հացի տուն»: Ըստ իմաստին, պէտք էր հոն առատութիւն ըլլար, բայց մեղքի պատճառով սով կար:

Ելիմելէք, որ կը նշանակէ՝ «Աստուած իմ թագաւորս է», սովի ժամանակ որոշեց Մովաբ երթալ: Որոշումը սխալ էր, եւ այդ պատճառով վնասներ յառաջ եկան:

Շատ անգամ հայրերուն համար կեանքի բեռը կրնայ շատ ծանր ըլլալ, բայց անոնց որոշումները պէտք է Տիրոջմով ըլլան, որովհետեւ փայլուն ապագան միայն Աստուած կրնայ շնորհել (Հռ 1.1-5):

Ելիմելէք պէտք էր Աստուծոյ հարցնէր: Հայրեր օրհնութիւն ունին Աստուծմէ եւ կրնան ամէն բանի մէջ յաղթանակ ունենալ, երբ ճանչնան որ իրենց յաղթանակը Աստուծմէ է: Կարեւոր է ամէն օր աղօթքով Տիրոջ հետ կապուիլ: Կարեւոր է նաեւ ամէն օր կնոջ հետ աղօթել:

Նախորդ Հրապարակում Նուիրումին Պտուղը - Աննա եւ Շնորհքը
Յաջորդ Հրապարակում Բազմատեսակ Պարգեւներու Տնտեսներ