Փրկիչին ծնունդէն առաջ իսկ Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք Անոր մասին: Փրկիչին մասին վկայութիւնները արձանագրուած են Իսրայէլի ժողովուրդին յանձնուած մարգարէութիւններուն մէջ, բայց նաեւ կ'երեւին հեթանոսական վարժութիւններուն եւ Պաղեստինեան պատմութեան մէջ: Անոնք նաեւ կը յայտնուին երկինքի մէջ գտնուող մոլորակներուն ընթացքին ընդմէջէն:

Մարգարէութիւններուն մէջ, Յիսուս ներկայացուած է որպէս դէպի «Հանգիստ» տանողը (Մտ 1.17): Մատթէոս Աւետարանիչը Քրիստոսի ազգաբանութեան շարքին վերջաւորութեան, 17-րդ համարին մէջ կը նշէ երեք «տասնչորս»ներ, որոնք կը բաժնուին վեց եօթներու: Վեցը կը ներկայացնէ ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը, երբ մարդը ստեղծուեցաւ, իսկ եօթները կը ներկայացնեն այն հանգիստը, զոր Աստուած հաստատեց իբրեւ Իր գործերուն աւարտը, ուր մարդը Աստուծոյ ներկայութեան պիտի կանգնէր եւ Աստուծոյ միացած ապրէր: Աստուածաշունչը կը խօսի այն հանգիստին մասին, որուն մէջ ապրելու հրաւիրուած էր մարդը, բայց անկէ զրկուած կ'ապրէր մեղքին պատճառած անկումին իբրեւ հետեւանք:

Մարդուն անկումէն ետք, Աստուած խօսեցաւ փրկիչի մը մասին եւ Աստուածաշունչին համաձայն այդ Փրկիչը Յիսուսն է:

Բոլոր նշանները Յիսուսի կը մատնանշեն իբրեւ խոստացուած Փրկիչը: Մատթէոսի Աւետարանին առաջին եւ երկրորդ գլուխներուն մէջ, կը տեսնենք հնչող վկայութիւն մը: Երեք մոգեր արեւելքի մէջ կը տեսնեն փայլող աստղը, որ զիրենք կ'առաջնորդէ դէպի Հրէաստան (Պաղեստին), անոնց իմացնելով, որ այդ տեղին մէջ պիտի ծնի թագաւոր մը, որ բոլորէն մեծ է: Շնորհիւ գիտութեան տուած վկայութեան, այսօր կրնանք գիտնալ բացատրութիւնը երկինքին մէջ պատահածին, մինչ մոգերը կը նայէին փայլող աստղի մը: Հետախուզական կեդրոններու հեռադիտակներու (Telescope) արդիական միջոցները կը յայտնեն, թէ մինչ մոգերը երկինք նայելով փայլող աստղը կը դիտէին, հեռաւոր անջրպետին մէջ, Լուսնթագ (Jupiter) մոլորակը, որ Պաղեստինի մէջ իբրեւ լոյսի թագաւոր կը ճանչցուէր, կը հանդիպէր Երեւակ (Saturn) մոլորակին, որ իբրեւ պահպանող կը ճանչցուէր: Այդ երկուքին ճառագայթները միասին դէպի Հրէաստան կ'ուղղուէին, եւ այդպիսով պատմութեան, մարգարէութեան եւ բնութեան մէջի նշանները իրարու կը հանդիպէին՝ Աստուածաշունչին մէջ գրուածներուն հարազատութիւնը հաստատելով: Բոլորն ալ հասած էին նոյն եզրակացութեան թէ՝ «Լոյսի թագաւորը իր ժողովուրդը պահպանելու պիտի գայ»:

Հակառակ այս բոլոր նշաններուն եւ փաստերուն, տակաւին կան մարդիկ, որոնք Յիսուսի ծնունդին հետ կապուած իրադարձութիւները առասպել կը կոչեն կամ կը հալածեն ճշմարտութիւնը՝ զայն իրենց փառքին եւ շահերուն արգելք նկատելով (Մտ 2.16):

Սակայն Աստուծոյ յատկանիշները յայտնի են բնութեան մէջ իսկ, որպէսզի մարդիկ արդարացում չունենան (Հռ 1.20): Պատմե՛նք Յիսուսի ծնունդին մասին, գործածելով մեր գիտութիւնն ու վկայութիւնները:

Նախորդ Հրապարակում Խնդրէ, Փնտռէ եւ Դուռը Զարկ (Մատթէոս 7.7-12)
Յաջորդ Հրապարակում Նեղ Դուռը, Ծառն ու Պտուղը, Տուն Շինողները եւ Յիսուսի Հեղինակութիւնը (Մատթէոս 7.13-29)