Անապատը ընդհանրապէս դժգոհութեան եւ տրտունջի վայր է, որովհետեւ անապատին արտաքին երեւոյթը մեզ կը խաբէ:

Սակայն Աստուծոյ համար անապատը բոլորովին տարբեր երեւոյթ մը ունի:

Աստուած յատուկ պատճառ մը եւ նպատակ մը ունէր, երբ Իսրայէլի ժողովուրդը անապատ տարաւ (Ելք 13.17): Ան պէտք ունէր ժողովուրդին հաւատքն ու վստահութիւնը զօրացնելու՝ թշնամիին դէմ կենալու համար: Աստուած կ'ուզէր, որ ժողովուրդը իր աչքերով տեսնէր, որ իրեն հետ քալող եւ իրեն համար պատերազմող Աստուած մը կայ:

Մենք ալ պէտք է «անապատին համալսարանէն» անցնինք, Քրիստոսի յաղթութիւնը լիովին ապրելու համար: Աստուած կ'ակնակալէ, որ անապատին մէջ հաւատքով նայինք: Երբ փոխանակ տրտնջալու, խոնարհինք եւ անապատին մէջ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը աճեցնենք, Աստուած մեր մէջ պիտի աշխատի եւ անկէ ետք, մեր միջոցաւ Իր զօրութիւնը ցոյց պիտի տայ:

Նախորդ Հրապարակում Բարեկամացիր Քրիստոսով
Յաջորդ Հրապարակում Սէր եւ Ուխտ