Սկիզբէն մարդը բժշկութեան պարգեւը չունէր, որովհետեւ մեղքէն առաջ առողջութիւնը սեփական իրաւունք էր մարդուն: Կեանքի ծառը յաւիտենական կեանքի զօրութիւնը կու տար անոր (Ծն 3.22):

Սուրբ Հոգիին օծութիւնը Ադամին եւ Եւային մարմինները շատ բնական կերպով յաւիտեան պիտի պահէր ախտերէն (հմմտ Հռ 8.11) բայց երբ Աստուծոյ խօսքին հակառակ գործելով, մարդը զրկուեցաւ իր «կենդանի հոգիէն» (Ծն 2.17: Եփ 2.1) եւ «յաւիտենական կեանք տուող ծառէն», հիւանդութիւնը մարմինին մէջ սպրդեցաւ (Հռ 5.12): Այդպիսով մահը տիրեց կեանքին եւ մարդը սկսաւ զգալ եւ նշմարել մահուան նշանները՝ ցաւեր, ախտեր, տառապանքներ, որոնք մեծ մահը կանխող պզտիկ մահեր էին:

Սուրբ Հոգին իր տեղը գտնելու է մարմինին մէջ, որպէսզի մարմինը իր սկզբնական եւ բնական վիճակին հասցնէ (Եր 33.6,9): Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ «Ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է» (Բ. Կր 3.17), եւ Հռ 8.11-ին մէջ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ մեր մէջ բնակող Հոգին պիտի կենդանացնէ մեր մահկանացու մարմինները:

Յովհաննէս առաքեալ իր երրորդ նամակին մէջ կը մաղթէ, որ Գայիոս առողջ ըլլայ մարմինով, ինչպէս որ է հոգիով (Գ.Յհ 2), այսինքն՝ անոր վերստին կեանքի կոչուած եւ յարութիւն (Եփ 2.4-5) ստացած հոգիին առողջութիւնը անցնի մարմինին:

Հետեւաբար առողջութիւնը հաւատացեալին իրաւունքն է եւ այս ուղղութեամբ Աստուած Քրիստոսի մարմինին՝ եկեղեցիին մէջ դրած է բժշկութեան գերբնական պարգեւը (Ա.Կր 12.27-28), որպէսզի մարմինին բժշկութիւն փոխանցէ:

Բժշկութեան պարգեւին նպատակն է ազատել հիւանդը եւ անոր մարմինը Սատանային տանջանքներէն (Գրծ 10.38): Անիկա բժշկական գիտութիւն մը չէ եւ կապ չունի սովորական բժշկական գիտութեան եւ անոր զարգացման աստիճաններուն հետ: Թէեւ անոնք ալ Աստուծոյ բարիքներն են, եւ մարդիկ կ'օգտուին անոնցմէ, գերբնական պարգեւը կը տարբերի անոնցմէ, որովհետեւ Տէրը Ի՛նք կը բժշկէ (Ելք 15.26):

Գերբնական բժշկութիւն ըսել է վերադարձնել մէկու մը կատարեալ առողջութիւնը, ըլլայ անիկա մարմնաւոր կամ մտաւոր: Գերբնական բժշկութեան պարգեւը անսխալ եւ կատարեալ բժշկութիւն կու տայ հիւանդին, եւ հիւանդը ոչ միայն հոգեբանօրէն կը համոզուի, այլ անոր գործարաններուն խանգարումները ամբողջապէս կը բժշկուին:

Բժշկութեան պարգեւը կը կիրարկուի Սուրբ Հոգիով եւ միա՛յն Անոր զօրութեամբ: Ատիկա կը կիրարկուի հաւատքով (Մր 16.17-17):

Յիսուս բժշկութեան ծառայութիւնը իբրեւ Աստուծոյ Որդի չէր կատարեր, այլ իբրեւ Աստուծոյ ծառայ. Ան Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ ծառայեց (Ղկ 4.18-19: Գրծ 10.38): Իր բժշկութեան ծառայութեամբ, մեր Տէրը կ'ուզէր ցոյց տալ, թէ Ինք ունէր Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու եւ մարդիկը առողջացնելու իշխանութիւնը (Ա.Յհ 3.8: Գրծ 10.38): Ան սկիզբէն յայտարարեց այդ մասին (Ղկ 4.18-19):

Բժշկութեան պարգեւը բուժիչ զօրութիւնը փոխանցող զօրութիւնն է, մասնաւորաբար ձեռք դնելով կամ որեւէ այլ արարքով:

  • Պետրոսի զոքանչին տաքութեան անցնիլը (Մտ 8.15)
  • Իշխանաւորին աղջիկին յարութիւնը (Մտ 9.18,25)
  • Երկու կոյրերուն բժշկութիւնը (Մտ 9.29)

Շատ կարեւոր է, որ բշկութեան պարգեւը եւ կամ ուրիշ պարգեւ մը ունեցողը վստահի իր վրայ եղող օծութեան, որովհետեւ օծութի՛ւնն է որ գործը պիտի կատարէ:

Նախորդ Հրապարակում Հանգիստը Քրիստոսով
Յաջորդ Հրապարակում Անձնական Յարաբերութեան Կարեւորութիւնը (Ա.Թագաւորաց 8)