Երբ մեր կեանքերը կը շարժին, ո՞վ կը շարժի անոնց հետ. Աստուա՞ծ թէ՝ թշնամին:

Հակառակորդին Վէճի եւ Պատճառաբանութեան Ոգին

Պօղոս կը հասնի Երուսաղէմ եւ կ'երթայ Յակոբոսին մօտ, ուր բոլոր երէցները կային, անոնց յայտնելու համար, թէ՝ Աստուած ի՞նչ կ'ընէր իրմով հեթանոսներուն մէջ:

Գրծ 21.21-26-ին մէջ, ներկաները Պօղոսին կ'ըսեն՝ «Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսէն ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին»: Անոնք իրենց խօսքը շարունակելով՝ Պօղոսի կը թելադրեն, ըսելով, թէ վստահաբար Պօղոսին գալը մեծ աղմուկ պիտի յառաջացնէր եւ լաւ կ'ըլլար, որ ան իրեն հետ առնէր չորս մարդիկ, եւ անոնց հետ մաքրուէր, որպէսզի բոլորն ալ տեսնէին, թէ Պօղոս Օրէնքը կը պահէր:

Պօղոս հնազանդեցաւ անոնց, որովհետեւ գիտէր, թէ հակառակորդին ոգին պատճառաբանութիւններ կը ստեղծէ՝ պարզապէս Աստուծոյ գործին արգելք ըլլալու համար:

Պօղոս թէեւ իրեն թելադրուածը կատարեց, սակայն ատիկա հակառակորդին հարցը չլուծեց, եւ ան նորէն Պօղոսը հալածելու պատճառ գտաւ: Հակառակորդներուն վէճը ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար չէր, այլ եկեղեցիին ընթացքը դադրեցնելու համար էր:

«Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչուըռտէին. ''Իսրայէլացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք: Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամէնուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց''» (Գրծ 21.27-28):

Այս մարդիկը իրենց ձայնով գրգռեցին եւ անհանդարտ վիճակ մը բերին ժողովուրդին վրայ: Անոնք ժողովուրդէն օգնութիւն խնդրեցին «թշնամի» Պօղոսին դէմ:

Մարդիկ լուրջ ամբաստանութիւններ ըրին: Տաճարը Հրեաներուն սիրտը կը նկատուէր եւ անոնք Պօղոսը ներկայացուցին իբրեւ զանիկա պղծող մը: Այն պղծութիւնը, որ մեղքին իբրեւ հետեւանք պիտի ըլլար, անոնք նոյնացուցին Պօղոսի քարոզչութեամբ փրկութեան միջոցաւ ըլլալիքին հետ (Սղ 79.1):

Շատ մարդիկ չեն սիրեր տեսնել հոգեւորութեան աճումը եւ հոգեւորութեան հանդէպ սխալ նայուածք մը ունին: Երբեք պէտք չէ զիջումներ ընենք Աստուծոյ գործին առջեւ արգելքներ դնողներուն դիմաց: Եփ 2.14-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս խաչին վրայ մեռնելով՝ մարդոց առջեւէն արգելքները վերցուց, որպէսզի բոլորը փրկութեան գան (Հրեայ եւ հեթանոս):

Սխալ աղմուկներ

«Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ժողովուրդը դիզուեցաւ ուբռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան» (Գրծ 21.30):

Այստեղ գործածուած «շարժեցաւ» բառը կը գործածուի ըսելու՝ «պատճառ ըլլալ շարժելու», «շարժել՝ յառաջ տանելու համար»:

Թէեւ Պօղոսն էր իսկական տաճարը (Քրիստոսով), բայց զինք քարեղէն տաճարէն դուրս հանեցին: Պօղոսը տարին՝ սպաննելու համար (Գրծ 21.31): Մինչ կը տանէին զինք, անոնք սկսան Ժողովուրդը գրգռել՝ Պօղոսին վրայ սուտ պիտակներ փակցնելով:

Սխալ վարմունք մը եւ ընթացք մը կար: Ասիկա հակառակորդին ռազմավարութիւնն է: Ժողովուրդին մէջ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն, որպէսզի ժողովուրդը դէմ դնէ՝ կարծէք, թէ իր պատկանելիութիւնը վնասուած ըլլար: Ասոր իբրեւ հետեւանք, քաղաքը կը շարժի:

Այս պարագային ժողովուրդին աղմուկը սխալ համոզումներու վրայ հիմնուած էր եւ Աստուածոյ գործակցութիւնը չկար անոր մէջ:

«Քաղաքը շարժեցաւ» արտայայտութիւնը քանի մը ձեւերով կը բացատրուի.

  1. Երբ ժողովուրդը Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց հետ գալուն վստահութեամբը եւ ուրախութեամբը կը շարժի: Երբ ժողովուրդը անհաւատութեամբ աղաղակեց՝ գետինը շարժեցաւ, բայց ժողովուրդը պարտուեցաւ (Ա.Թգ 4): Սակայն երբ Սամուէլ անոնց սորվեցուց ի՛նչպէս զԱստուած պաշտել, Տէրը երկինքէն որոտաց եւ թշնամին փախաւ (Ա.Թգ 7):
  2. Երբ Տիրոջ նուիրուելով շարժի: Ժողովուրդը իր ճիշդ կեցուածքով ու նուիրումով Աստուծոյ վախը բերաւ թշնամիին վրայ եւ սիրտերը հալեցան (Ծն 35.5: Դտ 6: Յես 2.10-11, 5.1):
  3. Յիսուս երբ երուսաղէմ մտաւ՝ քաղաքը շարժեցաւ (Մտ 21.10):

Հետեւաբար 2 տեսակ շարժիլ կայ: Կրնանք քաղաքը շարժել անհաւատութեամբ աղաղակելով, եւ կամ Աստուծոյ անունին վստահելով աղաղակելով (եւ ոչ թէ պարզապէս հաւատքի անունով):

Ներկայ օրերուն՝ Սխալ Աղմուկներ

Շատ կարեւոր է, որ Տիրոջ հետ մեր յարաբերութիւնը լաւ ըլլայ: Երբ Աստուծոյ ներկայութիւնը գայ՝ թշնամին կը վախնայ:

Ժողովուրդին աղմուկը թշնամիին աղմուկն էր: Բայց հակառակ այդ դժուարութիւններուն, Պօղոս կրցաւ հասնիլ կայսրին քով, որովհետեւ ո՛չ մէկ արգելք կրնայ Աստուծոյ խօսքին արգելք ըլլալ:

Քրիստոնէութեան դէմ պատերազմ կայ, բայց կարեւոր է կեդրոնանանք Աստուծոյ վրայ եւ մեր կեանքերը հիմնենք Աստուծոյ Խօսքին վրայ: Ինչքան Աստուծոյ խօսքին ներդրումները շատնան մեր հոգեւորութեան մէջ, այնքան նշաններ ու հրաշքներ պիտի ըլլան:

Մեր մղումը կ'որոշէ, թէ ո՞վ պիտի գործէ մեզմով: Երբ մեր մղումը մարմնաւոր ըլլայ, թշնամին կը գործէ մեզմով. բայց երբ մեր մղումը Աստուածաշնչական է՝ Աստուած պիտի գործէ մեզմով:

Նախորդ Հրապարակում Տնային Ծառայութիւններ (Գործք Առաքելոց 21.1-14)
Յաջորդ Հրապարակում Յիսուս Աներեւակայելի Գանձն է (Գործք Առաքելոց 22)