Սամուէլի օրերուն, երբ Հեղի քահանայապետ էր, երկրին մէջ կար կրօնական վիճակ մը, որմէ Աստուած գոհ չէր: Իսրայէլի Ժողովուրդը հեռացած էր Աստուծմէ, սակայն տակաւին Անոր օգնութիւնը կ'ակնկալէր: Անոնք չէին ըմբռնած թէ Աստուծոյ խոստումները չեն կրնար իրենց կեանքին մէջ իրականանալ եթէ Աստուծոյ պատուէրներուն հակառակ կեանք ապրին: Երբ Փղշտացիներուն դէմ պարտուեցան (Ա.Թգ 4.2), անոնք զԱստուած այպանեցին (3):

Հետեւաբար, անոնք որոշեցին իրենց միջեւ բերել Աստուծոյ ուխտի տապանակը, որ խորհրդանիշ է Աստուծոյ ներկայութեան, կարծելով թէ այդպիսով պիտի կարենան յաղթել թշնամիին: Տապանակին հետ էին Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի եւ Փենէհէս, որոնք անօրէնութիւններ ընող մարդիկ էին: Մենք ալ յաճախ կ'ակնկալենք, որ սուրբ Աստուածը մեզ հովանաւորէ՝ մինչ մեր ձեռքերն եւ կեանքերը անսուրբ կ'ըլլան:

Երբ ուխտի տապանակը բերին, ժողովուրդը մեծ ձայնով աղաղակեց եւ գետինը ձայն տուաւ (5): Այսօր ալ կան աւանդութիւններ, որոնք մեծ ձայն կու տան, որովհետեւ իրապէս ալ կը խօսին Աստուծոյ եւ աստուածային գործերու մասին: Բայց նշաններուն մասին խօսիլը եւ նշանները ընող Տէրը հրաւիրելը տարբեր բաներ են:

Աստուծոյ ձայնին փոխարէն, անոնք մարդկային ձայն մը բարձրացուցին, եւ թէեւ թշնամին վախցաւ, բայց յարձակեցաւ եւ այս անգամ Իսրայէլէն 30,000 մարդ սպաննուեցաւ (մինչ առաջին անգամ՝ միայն 4,000): Անոնց առած քայլը սխալ էր, որովհետեւ ուզած էին իրենց վարմունքով զԱստուած պարտադրել իրենց հետ գալու եւ թշնամիին դէմ իրենց յաղթանակ պարգեւելու:

Ասոր իբրեւ հետեւանք, Իսրայէլի ժողովուրդը յուսախաբ եղաւ, Աստուծոյ ուխտի տապանակը գրաւուեցաւ, Հեղի քահանայապետին որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս, սպաննուեցան, եւ այս բոլորը լսելով, Հեղի ինկաւ ու մեռաւ, իսկ Փենէհէսի կինը ծննդաբերելէն ետք իր տղուն անունը Իքաբոդ, այսինքն՝ անպատիւ, դրաւ եւ ապա մեռաւ: Սակայն Աստուած բնա՛ւ չգրաւուեցաւ:

Երբ Սամուէլ մեծցաւ, Փղշտացիները տակաւին Իսրայէլի վրայ կը ճնշէին: Սամուէլ ժողովուրդը հաւաքեց, որպէսզի անոնց համար աղօթք ընէ Տիրոջ: Ան գառնուկ մը ողջակիզեց եւ Իսրայէլի համար աղօթք ըրաւ Տիրոջ: Փղշտացիները մօտեցան Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընելու համար: Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խռովեցուց եւ Իսրայէլի առջեւէն փախան (Ա.Թգ 7), որովհետեւ այս անգամ Աստուծոյ ձայնը անհաւատ մարդոց մէջէն չելաւ, այլ՝ ուղղակի Աստուծմէ:

Երբ խօսինք, կարեւոր է որ Աստուծո՛յ խօսքերը խօսինք եւ մեր դիրքն ու վարմունքը Աստուծոյ մեծութիւնը արտայայտող ըլլան: Չփորձենք բնաւ մարմնաւոր նայուածքով հաւատացեալ ըլլալ, այլ Տիրոջ ո՛ղջ ներկայութիւնը ակնկալենք մեր կեանքի բոլոր բաժիններուն մէջ: Աստուծոյ ներկայութիւնը պահելը մեր գործն է՝ գին վճառելով եւ Իր սրբութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ յարգելով:

Նախորդ Հրապարակում Իմաստութեան Պարգեւը
Յաջորդ Հրապարակում Մշակներ Հունձքին Համար