Զոյգերուն համաձայնութիւնը կ'ազատէ դժուարութիւններէ, գերութենէ եւ կործանումէ:

Դտ 13.1-25-ին մէջ կը կարդանք Մանուէ անունով ազնուական մարդու մը մասին, որուն կինը ամուլ էր: Այդ ժամանակ Իսրայէլ Փղշտացիներուն ձեռքը ինկած էր եւ փրկիչի մը կարիքը ունէր: Հրեշտակ մը Մանուէի կնոջ երեւցաւ եւ անոր տուաւ Իսրայէլը ազատողը ծնանելու խոստումը:

Հրեշտակը նաեւ պատուէրներ տուաւ յղութեան ընթացքին կնոջ առնելիք նախազգուշութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակը մեծցնելու վերաբերեալ: Այսպիսով, հրեշտակը պատուիրեց, որ ծնելիք տղուն ծնողները իրենց կեցուածքը եւ նուիրումը որոշեն:

Նոյնպէս Աստուած կ'ուզէ, որ հաւատացեալները իրենց կեցուածքը որոշեն Իր տուած պատուէրներուն եւ Քրիստոսով ստացած իրենց նոր ինքնութեան համաձայն , եւ յարատեւ ատոր համաձայն քալեն:

Կինը հաւատաց Աստուծոյ կողմէ տրուած պատուէրին եւ զայն իր ամուսինին պատմեց (6-7): Մանուէ իր կարգին հաւատաց Աստուծոյ պատուէրին եւ ընդունեց զայն (8):

Մանուէ եւ իր կինը համաձայնութիւն ունէին իրարու միջեւ եւ իրարու հետ կը բաժնեկցէին: Անոնք մեծապէս արժեւորեցին Աստուծոյ պատուէրը, առանց որեւէ զիջում ընելու անոր մէջ: Այս պատճառով էր, որ իրենց հաւատքի ճամբորդութիւնը կարողացան շարունակել եւ իրենց հաւատքին ու նուիրումին որպէս արդիւնք՝ ծնաւ Սամփսոնը, որ կը նշանակէ «արեւի նման»: Սուրբ Հոգին միշտ Սամփսոնի հետ էր (25):

Կարեւոր է, որ զոյգեր ընդունին Աստուծոյ պատուէրը եւ զայն իրենց կողակիցին հետ բաժնեկցին: Զոյգերուն հաւատքի եւ նուիրումի համաձանութիւնը պտուղ պիտի բերէ: Երբ զոյգեր, իրենց նուիրումով, Աստուծոյ սրբութիւնը հրաւիրեն, իրենց կեանքին բոլոր բաժիններուն մէջ յաղթութիւն պիտի վայելեն:

Նախորդ Հրապարակում Խօսքը Բարձրացնենք
Յաջորդ Հրապարակում Ուխտս Զօրութիւնս է