Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութիւնը սկսաւ եւ շարունակեց գերբնական միջոցներով: Ան մեզի անձնական օրինակով ցոյց տուաւ, թէ մեր ծառայութեան մէջ մի՛շտ գերբնականը պէտք է գտնուի եւ թէ մեր կեանքերը պէտք է արտացոլացնեն գերբնականը, եւ ոչ՝ սովորականը:

Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մէջ Աստուծոյ շնորհքը յայտնի էր եւ Ան իր ծառայութեամբ եւ կեանքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ներկայացնէր: Յիսուս կը պտըտէր սորվեցնելով, քարոզելով, բժշկելով (Մտ 4.23) եւ Սատանայէն տանջուածները ազատելով (Գրծ 10.38), բայց նաեւ Ան Իր ուսուցումները Իր կեանքովը ցոյց կու տար:

Քարոզել կը նշանակէ իշխանութեամբ հռչակել: Մենք Քրիստոսի մարմինին անդամներ ենք եւ կանչուած ենք թագաւորութիւնը հռչակելու եւ մարդիկը իրենց դժուարութիւններէն եւ կապանքներէն ազատելու:

Տէրը կ'ուզէ, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ապրի Քրիստոսի փրկագործութեան շնորհիւ ստացած իր հոգեւոր իշխանութեան սկզբունքներուն համաձայն եւ իր կեանքով ներկայացնէ երկինքի թագաւորութիւնը:

Մեր արժէքը Յիսուսի տուածին չափով է (Յհ 14.12), եւ ո՛չ՝ մեր որոշածին: Հաւատքով կենանք: Մեր ինքնութիւնը ճանչնանք, թագաւորութիւնը հռչակենք եւ այն ատեն Աստուծոյ բարիքներն ու հրաշքները պիտի տեսնենք:

Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մէջ Աստուծոյ շնորհքը երեւելի էր եւ Ան իր ծառայութեամբ եւ կեանքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ներկայացնէր: Յիսուս կը պտտէր սորվեցնելով, քարոզելով, բժշկելով(Մտ 4.23) եւ Սատանայէն տանջուածները ազատելով (Գրծ 10.38), բայց նաեւ ան իր սորվեցուցածները իր կեանքով ցոյց կու տար:

Նախորդ Հրապարակում Ի՞նչ է Քրիստոնէական Աղօթքը
Յաջորդ Հրապարակում Աղօթքը 2