Աստուծոյ Խօսքը ստեղծող է (Ծն 1.1-3) եւ ամէն բան Խօսքին համաձայն եղաւ: Աստուծոյ Հոգին ըրաւ գործը, բայց Խօսքը սահմանեց Անոր ընելիքը: Սուրբ Հոգին կը ստեղծէ Խօսքին համաձայն (Սղ 104.30) եւ Խօսքը ընդունիլը Սուրբ Հոգիով նորոգուելու միջոց է:
Աւելին(Ա.Թգ 12.1-5) Սամուէլ խօսեցաւ իր ծառայութիւններուն մասին եւ զանոնք առանց անիրաւութեան եւ արատի ամբողջացնելուն մասին: Ան այդ կոչումը ստացած էր Տիրոջմէն, եւ մարդիկ բնաւ ըսելիք չունէին անոր ծառայութեան դիմաց:
ԱւելինՎախճանաբանութեան (Eschatology) այս նիւթերու շարքը առնուած է Հարոլտ Ռ. Էպըրլիի եւ Մարթին Թրենչի աշխատանքներէն: Վախճանաբանութիւնը կը խօսի վերջին ժամանակներուն մասին, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կը յայտնէ, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի աճի եւ շատնայ մինչեւ որ երկիրը լեցնէ:
Աւելին«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):
ԱւելինԱստուծոյ եւ մարդկութեան թշնամին Քրիստոսով մեր իշխանութիւնը վերադառնալը կ'ատէ եւ ամէն գնով մեր իշխանութիւնը կոտրել պիտի փափաքի. այդ ընելու համար իր առաջին յարձակումը մեր հաւատքի վահանը վերցնել պիտի ըլլայ (Եփ 6.16):
ԱւելինԱստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ երբ լեզուներու պարգեւով կը խօսինք, Աստուծոյ հետ կը խօսինք եւ մէկը մեզ չի հասկնար: Երբ կը սկսինք լեզուներով խօսիլ, օծութեան տակ կ'ըլլանք եւ կը նշմարենք որ բառերը մեր մէջէն կ'ելլեն հրաբուխի նման ու շնչառութիւնը կ'արագանայ:
ԱւելինՅիսուսի եւ Աստուածաշունչին լեզուով կապելով կողոպտելը մեզի կը սորվեցնէ հաւատքով գործի լծուիլ:
ԱւելինԱ.Թգ 10.1-ին մէջ, Սամուէլ իւղի շիշը առաւ եւ Սաւուղին գլխուն թափեց: Իւղը խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիի օծութեան եւ Անոր հովանաւորութեան:
ԱւելինԼեզուներու շնորհքը (Ա.Կր 14.1-38) յափշտակութեան մէջ օտար եւ անծանօթ լեզուներ խօսելու պարգեւ մըն է: Լեզուներու շնորհքով, անձը Աստուծոյ հետ կը խօսի եւ ներքնապէս կը կառուցուի:
ԱւելինՊօղոս առաքեալ հաւատացեալները կը կոչէ դեսպաններ, որոնց միջոցաւ Աստուած կը գործէ եւ Ինքզինք կը յայտնէ (Բ.Կր 5.20):
Աւելին