Սղ 23-ին մէջ, Դաւիթ կ'ըսէ՝ «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ: Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ: Հոգիս կը նորոգէ: Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի: Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն:
ԱւելինՄենք որդի ենք (Հռ 8.14) եւ ժառանգորդ (Բ.Կր 5.17): Նոր արարածներ ենք եւ թագաւորներ (Ա. Պտ 2.9) եւ Յիսուսի նման ամէն իշխանութիւն մեզի տրուած է (Մտ 28.19-20: Յհ 1.12): Սակայն պէտք չէ մեր կրցածին համաձայն շարժինք, այլ՝ պէտքին:
ԱւելինԱստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ մենք նոր արարածներ ենք Քրիստոսով (Բ. Կր 5.17): Սակայն կարեւոր է, որ մեր ինքնութիւնը բարձր պահենք, որպէսզի սխալը չտիրապետէ:
Աւելին