Այսօր միասին պիտի խօսինք Եփեսացիներու ղրկուած նամակէն եւ մեր նիւթին խորագիրը պիտի ըլլայ մեր կեանքը Քրիստոսի միացած: Երբ որ մենք Քրիստոսի միացած ենք, ի՞նչպիսի կեանք ունինք մենք, ի՞նչ են այդ կեանքին արժէքները, ի՞նչ է այդ կեանքին տուեալները, եւ արդեօք մենք ընդհանրապէս այդ տուեալներով կ'ապրի՞նք, ոչ թէ ազդուած կ'ապրինք: Արդեօք մենք կ'ապրինք պայմաններէ՞ն ազդուած, պայմաններուն ազդեցութեան համաձա՞յն Տիրոջ կեանքը որ մեզի տուած է, ոչ թէ կ'ապրինք այդ կեանքը կեանքի սկզբունքներուն համաձայն: Եւ ինչքան գեղեցիկ է որ մենք այս մէկը ճիշդ եւ լաւ կերպով ճանչնանք ու հասկնանք: Եփեսացիներու ղրկուած նամակը շատ շատ կէտեր ունի իր մէջը եւ շատ ուղղութիւններով բաժնուած կը խօսի, այսինքն մի քանի կարեւոր նիւթերու մասին կը խօսի: Նկատի ունենալով որ Եփեսացիները շատ կը սիրէին Տիրոջ ըստ յայտնութեան գրքին մէջ: Տէրոջ հանդէպ մեծ եւ խորունկ սէր ունենալով հանդերձ, տակաւին իրենք կ'ունենային ետ դարձ, տակաւին կ'ունենային սխալ կէտեր եւ այդ սէրը չէին կրնար արտայայտել եւ չէին կրնար այդ սէրը ապրիլ, այնպէս ինչպէս ակնկալուած է եւ այնպէս ինչպէս իրենք գիտեն որ պէտք է ապրին:

Պօղոս նամակը գրած ատենը կ'ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ, մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն»: Առաջին հերդին կու գայ խօսելու մեզի շնորհուած ինքնութեան մասին: Կ'ուզեմ այս մէկը քովդ արձանագրես որ Պօղոս առաքեալ կը խօսի ինքնութեան մը մասին որ քեզի տրուած է: Շատ անգամ երբ ես ինքնութիւն ըսեմ եւ ինքնութեան մասին նիւթ խօսիմ, կը զգամ իմ խօսքս կ'երթայ եւ կարգ մը անձերու այսպէս կը դպչի եւ ետ ինծի կու գայ իրենց միտքերուն խառնուած եւ այնպէս կ'ըլլայ, որ մենք շատ լաւ գիտենք մեր ինքնութեան մասին, բայց մեր առօրեան չի յաջողիր այդպէս: Մեր առօրեան մեր ինքնութեան համաձայն արդիւնք չի բերեր: Քեզի կարեւոր բան մը ըսեմ. ինքնութիւնը քեզի տրուած է զէնքի պէս, ինքնութիւնը քեզի տրուած է դգալի մը պէս, ինքնութիւնը քեզի տրուած է պատարաքաղ մը պէս, որպէսզի գործածես: Եթէ զինք առանձին ձգես, քեզի բան մը չ'ըներ: Քեզի տրուած է ինքնութիւն մը: Այդ ինքնութիւնը ունի յատկութիւն, պարտականութիւն, պատասխանատուութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն, որպէսզի բաներ ընես, եւ ատոնցմով է, որ ակնկալուածը ձեռքբերես:

Հետեւաբար, երբ որ դուն դժուարութիւն ունիս, փորձէ՛ խորանալ ինքնութեանդ մէջ: Ի՞նչպէս կրնաս խորանալ ինքնութեանդ մէջ. միայն Աստուծոյ հետ ժամանակ անցընելով: Որպէսզի ամենաշատ զօրաւոր օրինակը ձեզի բերեմ որ ես կը հասկնամ կամ ես վերլուծած եմ Աստուածաշունչէն. երբ մարդիկ Յիսուսի կը հանդիպէին եւ Յիսուսը որպէս ամէն ինչ ունեցող կը յարգէին ու հետը կը խօսէին, Յիսուս յանկարծ իրենց կ'արտայայտուէր եւ կ'ըսէր բաներ, որոնք այսօր մենք կը հասկնանք թէ Յիսուս չէր ուզեր որ մարդիկ միայն իրեն հետեւին եւ իրեն հետ նստին, ուտեն եւ խմեն. կ'ուզէր Յիսուս որ մարդիկ իրմէ սորվին եւ իրմով իրենց անձերը ճանչնան: Ինչո՞ւ. որովհետեւ իրենց անձերը ճանչնալը աւելի կարեւոր է փրկութեան ծրագիրին մէջ քան միայն Յիսուսին ետեւէն երթալը եւ Յիսուսին կարգ մը ուզածները ընելը: Հետեւաբար, մեր պաշտօնն է մեր ինքնութիւնը ճանչնալ, եւ այդ մէկը կարելի է ընել միայն աղօթքով: Ոչ ոգի քով նստած ըլլալովդ, ի՛նչքան ալ հրաշագործ ըլլայ, ի՛նչքան ալ զօրաւոր ըլլայ, ի՛նչքան ալ Աստուած իրեն գործածած ըլլայ, եթէ Յիսուս ինք անգամ իր աշակերտներուն թելադրեց որ աղօթքով ժամանակ անցընեն փորձութիւններուն համար, իրենք իրենց ներսիդին Յիսուսէն սորվելով Յիսուսը իրենց ներսիդին ունենան: Ես ու դուն պէտք է նոյնը լաւ հասկնանք: Որու քով որ ալ ըլլաս, ինչքան ալ հանգիստ թուի քեզի այդ տեղը, տակաւին քու անհատական յարաբերութիւնդ Տիրոջ հետ գագաթնակէտը եւ բարձրագոյնը կը մնայ: Երբ որ անիկա կ'ընես, ինքնութիւնդ կը սկսի աւելի եւ աւելի փոխուիլ, որովհետեւ հզօր Աստուած քու կեանքիդ մէջ կ'աշխատի:

3-րդ համար. «Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով երկնաւորներուն մէջ Քրիստոսով», այսինքն ինչ որ երկնքի մէջ օրհնութիւն կայ որ բնաւ լսուած ըլլայ, անոր մասին խօսուած ըլլայ, գործածած ըլլան մարդիկ, այդ բոլորը Յիսուս Քրիստոսով հայրը ինծի եւ քեզի տուաւ: Ասիկա սկիզբն է մեր ինքնութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հօր որ Յիսուս Քրիստոսով ամէն օրհնութիւն որ երկնքի մէջ կայ մեզի տուաւ: Մենք աղօթքի ժամանակ Աստուծմէ կը խնդրենք սիրելիներ, եւ ատիկա սխալ չէ եւ պէտք է: Մենք կը խնդրենք եւ կ'ըսենք. «Տէր, մեզի տո՛ւր», թէեւ Աստուածաշունչը կ'ըսէ որ Աստուած տուաւ: Ի՞նչ է տարբերութիւնը. Աստուած մեզի տուած է, աղօթքի մէջ մենք կը գտնենք մեզի տուածը, աղօթքի մէջ մենք աւելի քան մարմնաւոր կը սկսինք ըլլալ զգայուն մեր հոգեւոր ինքնութեան եւ ատոր համար կը սկսինք ձեռքբերել մեզի տրուածը, բայց ձեռքբերելու ատեն ամենաքաղաքավար, ամենաճիշդ բանը որ մեր կեդրոնացումը Աստուծոյ կը դարձնէ Աստուծոյ հետ խօսելով առնել է, անոր համար մենք ուրիշ բաներ չենք ըներ առնելու ատեն, որովհետեւ մենք պէտք ունինք որ մեր կեդրոնացումը Աստուծոյ դարձած ըլլայ. անոր համար Աստուծոյ հետ կը խօսինք, եւ նկատի ունենալով, որ միայն Աստուած է որ ասիկա կու տայ: Թէեւ տուած է, բայց մեր մարմինին մէջ ինք կը բերէ, մենք իրեն հետ այդպէս կը խօսինք, որպէսզի մենք աւելի եւ աւելի զօրանանք: Բայց առաջին կէտ՝ մեր մէջ կը գտնուի երկնքի մէջ գտնուող բոլոր հոգեւոր պարգեւները, եւ մենք պէտք ունինք մեր աղօթքին մէջ հոգեւոր պարգեւները գործածող ծառայողի մը պէս զգայուն ըլլալու եւ այդ զգացումը ունենալու, այդ վստահութիւնը ունենալու: Քանի՞ հոգի հետս է: Մենք երբ կ'աղօթենք, պէտք է զգանք որ այս հոգեւոր ինքնութեան վերաբերող պարգեւները մեր մէջն են, ինչպէս երբ ջուրը կրակին վրայ կ'եռայ, փրփուրները այսպէս կը պայթին եւ չորս կողմերը իրենց ազդեցութիւնը կը բերեն: Կերակուրը կ’եռայ եւ այսպէս իր հետքերը չորս կողմը կը թափէ, պէտք է որ մեր մարմինին վրայ այս մեր ներսիդին գտնուող աղօթքի հետեւանք արդիւնքը դուրս գայ: Մենք պէտք է զգանք, շարժինք, տպաւորուինք, փորձառութիւն շահինք այդ մեր խորունկ աշխարհի հոգեւոր պարգեւներէն: Ամէ՞ն:

4-րդ համար՝ «Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէսզի մենք սիրով, սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ»: Մեզ աշխարհի սկիզբէն ընտրած էր, մեզի համար սկիզբէն նպատակ ունէր, երկնքի մէջ օրհնութիւնները սկիզբէն մեզի կը սպասէին: Երբ այսօր ես ծնայ, դուն ծնար, Յիսուս Քրիստոսը ընդունեցի, իմ ընտրութիւնս գործի լծուեցաւ: Ես Քրիստոսը ընդունելով Աստուծոյ կողմէ ինծի շնորհուածները առնելու սկսայ Քրիստոսով: Երբ ես հիմա Յիսուսը ընդունեցի, ես այդ հանգրուանին մէջն եմ առնելու: Երբ ես կ'առնեմ Քրիստոսով այս բաները, ես կը դառնամ իր մաքրութեամբ մաքրուած, որ ինքը անարատ եւ սուրբ կը կոչէ: Մենք ընտրուած ենք: Ամէն մարդ իր քովը նստողին ըսէ. «Մենք ընտրուած ենք»: Դուն ընտրուած ես: Քովինիդ ըսէ. «Ըլլալու անարատ եւ սուրբ»: Հիմա քու փորձառութիւններդ, անգործութիւնդ, ընտանեկան դժուարութիւններդ քեզի պիտի խօսին վերջապէս: Քանի՞ հոգիի դժուարութիւնը հետը խօսած է ասկէ առաջ: Դրամ չկայ, դրամ չկայ, դրամ չկայ, գործ չկայ, գործ չկայ, առողջութիւն չկայ, առողջութիւն չկայ.... Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը: Մինչեւ վերջանանք, մինչեւ երթանք պիտի չարչարուինք, մինչեւ անցնինք, պիտի տառապինք: Քանի՞ հոգի լսեր է այս ձայները: Ասոնք քեզի այսպէս կը խօսին, բայց Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Դուն ընտրուած ես անարատ ըլլալու», մաքուր, ազատ ամէն արատէ՝ այդ մաքրութեամբ, որ Աստուած արժանի է: Կարեւոր նամակը այս է: Կարեւոր չէ դուն ուր կ'ապրիս, կարեւոր չէ որ աշխարհին, որ մակարդակին, որ երկիրին մէջ կը գտնուիս ուր ամէն ինչ գէշ է, դուն ընտրուած ես Աստուծոյ կողմէ՝ ըլլալու անարատ եւ սուրբ այդ տեղին մէջ: Այդ մէկը ըլլալու զօրութիւնը ինքնութեանդ հետ կապուած է, ոչ թէ պայմաններուն հետ կապուած է: Դուն ասիկա պիտի չգիտնաս, ասիկա պիտի ապրիս, եւ անիկա աղօթքի կեանքին մէջ պիտի գայ: Քեզի դժուար կը թուի մինչեւ այն ատեն որ հոս է, որովհետեւ վարէն ձայնը կ'ելլէ, բայց գործ չկայ, չկայ, չկայ, առողջութիւն չկայ, չկայ... վարէն վեր կ'ելլէ: Բայց երբ որ ասիկա փորձառութեամբ կու գայ, կ'անհետանայ վարի ձայները: Կ'ըսէ. «Ի՞նչպէս չկայ»: Ես կը յիշեմ երբ առաջին անգամ քառասուն օր առանձնութեան գացած էի, քառասուն օր առանձնութեան երթալու գացած օրերուս 38-րդ օրը Տէրը ինծի խօսեցաւ, ըսաւ. «Երբ Պէյրութ իջնես, աղօթքներ պիտի կատարուին եւ բժշկութիւններ պիտի ըլլան»: Տակաւին նոր ես «garage»էս ելեր եմ, նոր մեքենիքէն ելեր եմ: Ինծի համար բժշկութիւնը միայն բժիշկի կ'երթաս եւ կ'ըլլայ, ուրիշ բան չէի գիտեր: Երբ եկանք, աղօթքի սկսանք, աղօթքի ատեն Տէրը խոստացաւ բժշկութիւն պիտի ըլլայ: Հաւատքով եւ վստահութեամբ կ'ըսէի. «Տէր, դուն որ խոստացար, հիմա որ մենք միասին ձեռք ձեռքի բռնուեր ենք թող քու շնորհքդ գայ եւ թող որ քու օծութիւնդ գայ, քու Սուրբ Հոգիդ եւ մեզի լեցնէ», եւ մարդիկ կը սկսէին բժշկուելու, մարդիկ կը սկսէին գետին իյնալու, մարդիկ կը սկսէին լալու: Ինչպէս ամէնուն տարօրինակ էր, ինծի ալ տարօրինակ էր, բացի որ ամէն անգամ աղօթելէն վերջ կ'ըլլայ, եւ այս մարդիկը հիւանդ են եւ կը բժշկուին: Ուրախ են, աւելի կը նուիրուին, աւելի մեղքէն կը հեռանան: Մարդկային չէ, Աստուծմէ է: Ուրեմն մենք ընտրուած ենք սկիզբէն ըլլալու անարատ եւ սուրբ: Պայմանները չեն որոշեր թէ ես ու դուն ինչ կ'ընենք:

5-րդ համար. «Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն հետ որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս»: Ես որդեգրուած զաւակ եմ իր հաճութեանը պէս: Կեանքիս ինչ որ կը վերաբերի իր հաճութեանը համաձայն է, իր փառաւոր շնորհքին գոհութեանը համար որով մեզ զարդարեց սիրելիին ձեռքով, որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեան միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեանը չափովը որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ՝ մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը: Հիմա հոս նոր տող մը սկսանք: Մեզի զարդարեց, հագցուց իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ մեր կեանքը ըրաւ իր հաճութեանը համաձայն, երկնքի մէջ գտնուող պարգեւներուն համաձայն, եւ այս բոլորը մեզի տալով ի՞նչ ըրաւ. կարծես մեզի իր խորհուրդը յայտնեց: Խորհուրդը բան մըն է, որուն մէջ կարծես նաեւ մեզի կը յայտնուի թէ ինչու այս ամէնը մեզի տրուած է: Քանի՞ հոգի հետս է: Ինչո՞ւ այս բոլոր բաները մեզի տրուած են ուրեմն: Եթէ այս բոլոր բաները մեզի տրուած են, կը նշանակէ նպատակի մը համար է, անոր համար իր խորհուրդը մեզի կը յայտնէ՝ մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը իր հաճութեանը պէս որ իր մէջ նախասահմանէր էր: Խորհուրդը միայն բան մը չէ. իր մէջ կանուխէն սահմանուած էր: Ինծի եւ քեզի յայտնեց: Այսինքն, ամէն ինչ որ ես քրիստոնէական ինքնութեանս վերաբերեալ ունիմ, ամէն ինչ որ քրիստոնէական ինքնութեանս համաձայն յանձն կ'առնեմ, ուղղակի կապս Աստուծոյ ներսիդին կանուխէն սահմանուածին կը դպչի: Կապ ունիմ ուղղակի Աստուծոյ հետ: Ինչո՞ւ.

10-րդ համար, լաւ մտիկ ընենք սիրելիներ. «Որպէսզի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ»: Նոր թարգմանութիւնը կ'ըսէ, որ ամէն տեղ լեցուի Քրիստոսով: Աստուած ինծի ինքնութիւն մը տուեր է, այդ ինքնութեան մէջ իմաստութիւնը, գիտութիւնը, զօրութիւնը, իր հաճութիւնը, իր սրբութիւնը, իր մաքրութիւնը ամէն դրած է, լաւ մը զարդարեր է եւ ատով ինծի աշխարհի մէջ դրած է, որպէսզի երկնայինը աշխարհին յայտնեմ եւ ոչ միայն խօսելով յայտնեմ. այս մթնոլորտը ամբողջ, օդի հաստատութիւնը ամբողջ ուր ամէն տեսակ մեղքի յիշատակներ ունի, ներկայ գործունէութիւններ ունի, ամէն տեսակ սխալ բաներ ունի, որպէսզի ես եւ դուն լեցնենք այս տեղը, այս օդը ի՞նչով. Քրիստոսով: Ես եւ դուն կանչուած ենք այս բոլորը լեցնելու Քրիստոսով: Հիմա ի՞նչպէս կը լեցնենք Քրիստոսով: Քանի՞ հոգի գիտէ ինչպէս կը լեցնենք Քրիստոսով: Շատ քիչերս գիտենք: Մէկ հատ ալ տեսնեմ: Մէկ, երկու, երեք... Շատ լաւ, պէտք է բացատրեմ ուրեմն, քանի շատեր չեն գիտեր: Ուրեմն Ծննդոց գիրքէն պիտի սկսիմ: Ամէն ինչ պարգեւ որ Աստուած մեզի տուաւ, ամէն ինչ օրհնութիւն որ Աստուած մեզի տուաւ, մենք անոնք կրնանք գործածել եւ ծաղիկի մը պէս իր անոյշ բոյրովը լեցնել տիեզերքը եւ պարապութիւնը մինչեւ որ ամէն տեղ Քրիստոսին ձայնը ելլէ, ամէն տեղ Քրիստոսով վկայութիւն մը գտնուի բժշկութեան, յաղթութեան, օրհնութեան, հաշտութեան, սիրոյ, մտերմութեան, յաջողութեան: Ամէն տեղ Քրիստոսով սահմանուածը գտնուի. այլեւս դեւերը գլուխնին դնելու տեղ չունենան: Կարեւոր չէ ուր կ'երթան, յայտնի է իրենց վերջաւորութեան երթալիք տեղը, բայց այս աշխարհը որո՞ւն կը պատկանի. Յիսուսին, եւ Աստուած սահմանած է որ Յիսուսի յաղթութիւնը իմ կեանքովս, քու կեանքովդ այս մակարդակին հասնի: Հետեւաբար, իմ գործիս մէջ, իմ առօրեայիս մէջ, ամէն տեղ՝ ուր հնարաւորութիւնը ունիմ պէտք է, որ ես Յիսուսս ներկայացնեմ, ընկերային կեանքս գործածեմ, որպէսզի Յիսուսը ներկայացնեմ, տաղանդներս գործածեմ, որպէսզի Յիսուսը ներկայացնեմ, պայմաններս, ժամանակներս գործածեմ որպէսզի Յիսուսը ներկայացնեմ: Այսօր դուն համալսարան ես, հաւանաբար տարի մը վերջ մէկ հատ ալ համալսարան չարտօնեն որ ոտք կոխես, որովհետեւ երբ աւարտես, մէկ հատ ալ ետ չես կրնար մտնել: Դուն հաւանաբար այսօր տեղի մը մէջն ես, ուր գալ տարի, գալ շաբաթ չես կրնար մտնել, բայց հոն օդը լեցուն է օտար բաներով, եւ Աստուած կ'ակնկալէ, որ դուն լեցնես հոն: Հաւանաբար մէկ հատ եթէ հունտ ցանես, հոնտեղը մէկ տարի վերջ լեցուն ծաղիկ գտնես, բայց կարեւոր է որ ցանես այդ կեդրոնացումով: Հետեւաբար, օդը լեցնելը ամէն ինչի կը վերաբերի՝ պարգեւներուդ, տաղանդներուդ, ժամանակիդ եւ ամէն ինչիդ: Հետեւաբար, մեր կեդրոնացումը սիրելիներ Աստուծոյ միանալու մէջ Աստուծոյ ունեցածները աշխարհի վրայ յայտնել է, եւ չարտօնել որ աշխարհի ճնշումը մեզի «ոչ» ըսէ, աշխարհի ճնշումը մեզի մեր ինքնութիւնը մոռցնէ, մոռցնէ թէ մենք ով ենք, մոռցնէ թէ մենք Քրիստոսով ինչ ունինք կամ ծածկէ մեր Քրիստոսով ունեցածը: Քանի՞ հոգի հետս համաձայն է ժողովուրդ որ մենք այս բաներուն կը հանդիպինք եւ իրականութեան մէջ թշնամին կը փորձէ մեր գլուխը ճզմել: Քանի՞ հոգի հետս կը համաձայնի ասոր մէջ:

Մենք ինքնութիւն մը ունինք, որ Աստուծոյ քովէն եկած է, Աստուծոյ սրտէն մեզի եղած է՝ իր որդիին թափած արիւնովը, եւ մենք այդ ինքնութեան բռնուած պիտի մնանք եւ այդ ինքնութիւնը ինքը պիտի ընէ պէտքը:

Երբ որ մենք երթանք 2-րդ գլուխը եւ 2-րդ գլուխին մէջէն երթանք գոնէ վերջաւորութեան՝ 19-րդ համարէն, ուր կը խօսի, որ մեր ինքնութիւնը Աստուծոյ ընտանիքին կապուած է. «Ուրեմն ալ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք», ոչ միայն տունի հետ օտար. ամէն ինչի հետ օտար ու պանդուխտ, այսինքն՝ բանէ մը զրկուած չէք, ամէն ինչ որ երկնքի Հայրը ունի, դուք ալ ունիք: Երկրի վրայ կրնաս հայր, մայր, քոյր, եղբայր ունենալ, բայց նայած պայմաններուն որուն մէջն ես, դուն միայն կրնաս վայելել պէտքդ, բայց երբ դուն երկնայինին կը պատկանիս, այլեւս օտար ու պանդուխտ չես: Ինչո՞ւ. որովհետեւ անոր իշխանութիւնը կ'որոշէ որ դուն օտար ու պանդուխտ չես, եւ քու հաւատքդ կ'որոշէ ինչքան այդ մէկը քու մարմինիդ, կեանքիդ եւ առօրեայիդ վրայ կը բերես:

Ուրեմն մենք ալ օտար ու պանդուխտ չենք, հապա՝ սուրբերուն քաղաքացիները, երկնաքաղաքացիներ ենք, Աստուծոյ ընտանիքը, առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած: Այն ինչ որ առաքեալներէն եւ մարգարէներէն սկսաւ շինուելու, այսօր կը շարունակենք: Բան մը չփոխուեցաւ, նոյնն է տակաւին: Որդեգրութիւնը Յիսուսի արիւնէն կու գայ, որ մինչեւ այսօր կը սրբէ մեզ: Քանի՞ հոգի հետս է: Չկայ մէկը միւսէն լաւ, ոչ ես քեզմէ լաւ եմ, ոչ դուն ինձմէ լաւ ես, ոչ առաջուանները քեզմէ լաւ են, ոչ դուն առաջուաններէն լաւ ես. ոչ ոք տարբեր արիւնով մաքրուեցաւ: Բոլորն ալ Քրիստոսի արիւնով մաքրուեցան, բայց ամէն մարդ ձեւով մը արժեւորեց. անոր համար իր կեանքին մէջ տարբեր ձեւով երեւցաւ, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է՝ այդ շինարարութեան, ընտանիքին, քաղաքացիութեան, անկիւնի քարը, քարը՝ որ կը բռնէ բոլոր կողմերը, անունը Յիսուս Քրիստոսն է, որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած կ'աճի, սուրբ տաճար մը կ'ըլլայ Տիրոջմով: Երբ Յիսուսը բռնած է անկիւնի քարը, բոլոր այս շինարարութիւնը, այս շինարարութեան մէջ իր երակները Սուրբ Հոգիով մտցուցած է, որպէսզի բոլորը միասին՝ մենք եւ աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր Աստուծոյ զաւակները միասին աճինք, բարձրանանք՝ իր նպատակներուն համաձայն սուրբ տաճար մը ըլլալու Տիրոջմով: Մենք Տիրոջմով սուրբ տաճար ըլլալու կանչուած ենք: Այսինքն, երբ որ ես եւ դուն Աստուծոյ գործը կ'ընենք, կարեւոր չէ ինչքան մեզի կը թուի որ ձախողութիւններ եւ դժուարութիւններ կան, մեր յաջողութիւնները հաշիւի առնուած են: Քանի՞ հոգի հետս է: Մեր յաջողութիւնը հաշուըուած է. սկիզբէն հաշուըուած է: Այսօր կը հաշուըուի, ինչպէս կը հաշուըուէր առաքեալներուն, մարգարէներուն օրերը: Եթէ օրին մէկը բացուի այդ գիրքը գործերու եւ սկսի Աստուած խօսիլ երկնքի մէջ որ ինչ գործեր եղան Յիսուսէն կամ մարգարէներէն մինչեւ երկրորդ գալուստը այդ գիրքին մէջ, եւ միայն այդ գիրքին մէջ, պիտի տեսնենք որ ես ու դուն ալ ինչ ըրած ենք: Անոր համար այդ գործը որ Քրիստոսով կ'ըլլայ, այսօր հաշիւը եղած է անոր եւ կը բարձրանայ սուրբ տաճար մը ըլլալու Տիրոջմով: Հետեւաբար, մինչ ես ու դուն Աստուծոյ գործը կ'ընենք, այս տաճարը կ'ընդարձակուի դէպի ամէն կողմ որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով: Ամէ՞ն: Ալէլուիա:

Ուրեմն այսօրուան մեր այս նիւթէն կը հասկնանք որ մենք միացած ենք Տիրոջ նպատակով մը: Մեզի ինքնութիւն մը տրուած է որ կը վերաբերի, իրականութեան մէջ, Իր ինքնութեան, Իր կարողութիւններուն, Իր սրբութեան: Տրուած է նպատակով. այս նպատակը աշխարհը Իրմով լեցնել է որ միայն մենք կրցանք ճանչնալ Քրիստոսով, եւ մինչ մենք աշխարհը կը լեցնենք, աշխարհը Աստուծոյ ընտանիքին անդամ կը դարձնենք, աշխարհի մէջ կեանքը հետզհետէ աւելի սրբութեան կը տանինք, եւ Աստուծոյ զաւակներով այդ կեանքը կ'ապրինք, որ Աստուծոյ սուրբ տաճար կը կոչուի, որ նաեւ Տիրոջմով է, ոչ առանձին:

Անոր համար սիրելիներ, մեր կեդրոնացումը թող ըլլայ որ հասնինք մարդոց մեր պարգեւներով, հասնինք մարդոց մեր վկայութիւններով, հասնինք մարդոց մեր աղօթքներով, հասնինք մարդոց եւ ընենք այն բաները, որ Աստուած մեզի տուած է եւ ըսած է, որ մենք կրնանք ընել, որովհետեւ այս բոլորը պիտի գործածուին նպատակին համար եւ մարդիկ պիտի ճանչնան Աստուծոյ մեծութիւնը, մարդիկ պիտի ճանչնան թէ իրական Աստուած մը կայ այսօր, եւ մարդիկ պիտի ազատին Սատանային խաբեբայութենէն եւ ստախօսին սուտէն: Ամէն:

Նախորդ Հրապարակում Լսուած Հաղորդակցութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Կապուիլ Միութեամբ (Եփ 4.1 - 6)