Աստուած կը պատուիրէ, որ իր խօսքին հնազանդինք (Առ 1.8-9): Աստուծոյ խրատը իշխանութիւն, արդարութիւն եւ հարստութիւն է (Առ 8.15):

Առ 8.18-19-ը կ'ըսէ, թէ Աստուծոյ խօսքը աւելի ընտիր է քան ոսկին ու արծաթը եւ Աստուած կ'ուզէ, որ մեր կեդրոնացումը Իր խօսքին վրայ ըլլայ, փոխանակ՝ նիւթական բաներու:

Երբ մենք հնազանդինք Իր խօսքին, Աստուծոյ շնորհքը զարդի մը պէս պիտի երեւի մեր կեանքերէն ներս (Եզ 16.11):

Հնդիկները զարդեղէններուն կարողութեան վրայ շատ մեծ հաւատք ունէին: Անոնք կը հաւատային, որ արծաթը տիեզերքին ուժը ներծծելով՝ զայն մարմինին կը փոխանցէ, ոսկին կը նպաստէ կիներուն արեան շրջանառութեան եւ քիթի օղակը շնչառութիւնը կը կանոնաւորէ, եւլն:

Աստուած մարդը զարդարած է հոգեւոր շնորհքներով եւ օրհնութիւններով եւ Անոր փափաքն է, որ Իր շնորհքովը հարստանանք: Աստուծոյ պահանջած զարդը Քրիստոսով շնորհուած կեանքը ճանչնալն ու զայն ապրիլն է: Մեր մանեակները պիտի ըլլան Սատանային դէմ մեր տարած յաղթութիւնը: Ինչպէս որ մատանին երբ մեր մատին վրայ դնենք կ'երեւի, թող որ Աստուծոյ խօսքը երեւի մեր կեանքերուն մէջ եւ մենք անոր հնազանդինք:

«Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ: Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յհ 4.7):

Նախորդ Հրապարակում «[…] Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ […]» (Յովհաննու 4.34)
Յաջորդ Հրապարակում Կը Յուսա՞նք, Թէ՝ Գիտենք