Ծն 34.1-31-ին մէջ, Յակոբ Նախահայր արդէն կոչուած էր Իսրայէլ՝ քսան տարիներ ժրաջանութեամբ անդրանկութեան պաշտօնին բռնուած մնալուն եւ Աստուծոյ իրեն յանձնած տեսիլքը արժեւորած ըլլալուն համար:

Այս նիւթը պիտի կեդրոնանայ կոչումին մէջ մնալու եւ տեսիլքին համաձայն շարժելու վրայ: Մեր կոչումները ունին տեսիլքներ, այսինքն՝ ծառայութեան դաշտեր, որոնց միջոցաւ Թագաւորութեան գործը առջեւ կը տանինք, ըլլայ ատիկա անհատական գետնի վրայ կամ եկեղեցւոյ եւ համայնքային մակարդակի վրայ:

28-րդ գլուխին մէջ, երբ Յակոբ Նախահայր իր եղբօրը երեսէն կը փախչէր, երազի մէջ աստիճաններու տեսիլքը տեսաւ եւ ներշնչուեցաւ ու հասկցաւ, թէ ատիկա նշան մըն էր Տիրոջ իր հետը ըլլալուն: Ուստի ան հոն ուխտ ըրաւ, ըսելով. «[…] Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց եւ հագնելու հանդերձ տայ եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամէնէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ» (հմր 20-22):

Ասիկա Յակոբի եւ Իսրայէլի ժողովուրդին համար շատ յստակ նշանակութիւն ունէր: Անոնք հասկցան, թէ Տէրը այցելեց Իր ժողովուրդին, խոստացաւ պահպանութիւն եւ նախատեսութեամբ յայտնեց, թէ անոնք օրհնութիւն պիտի ըլլային ուրիշներուն: Իսկ ժողովուրդը իր կարգին գիտցաւ, թէ պէտք էր փոխադարձաբար մօտենար Տիրոջ՝ հաւատքով, վախով, պաշտելով, տասանորդ տալով եւ ուխտելով:

Ինչ որ ես սորվեցայ Յակոբի կեանքի օրինակներէն եւ պատմութենէն այն է, թէ Աստուած մեզի խոստում կու տայ տեսիլքին կատարուելուն մեծ պատկերին համաձայն: Բայց մեր բաժինը բերելով է, որ խոստացուած պատկերը կ'ամբողջանայ: Հետեւաբար, պէտք չէ ուշանանք մեր խոստումները կատարելու, որովհետեւ անոնք կը յայտնաբերեն մեր հաւատարմութիւնը առ Աստուած, եւ Անոր տուած խոստումներուն պատկերը հետզհետէ կը յստականայ մեզի համար:

Յակոբ Նախահայր Վերադարձաւ

Յակոբ նախահայր՝ իր եղբօր Եսաւի հանդիպելէն եւ անոր հետ հին հարցերը լուծելէն ետք, հաստատուեցաւ Սիւքեմացիներու Սաղէմ քաղաքին մէջ՝ հոն բնակելով տասը տարի: Այդ շրջանին, կարծես իր ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք ան մոռցած էր Աստուծոյ առջեւ ըրած իր ուխտը:

Ես կը կարծեմ, որ Յակոբի յաջորդ հանգրուանի օրհնութիւնը պիտի սկսէր երբ ինք իր ըրած ուխտը կատարէր:

Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած խոստումները կարելի է բաժնել ժամկէտներով, այսինքն՝ երբ խոստումներէն մէկը կը կատարուի, այն ատեն միայն յաջորդին կ’անցնինք:

Այդ պատճառով պէտք չէ սխալ տեղ կանգ առնենք, հապա մեր ուխտերը կամ խոստումները կատարելու ձգտինք, որպէսզի հին խոստումին ժամկէտը վերջանալով կարգ մը բաժիններու մէջ անպաշտպան չմնանք:

Դինա եւ Եկեղեցին

Ծն 34.1-5-ին մէջ կը տեսնենք, թէ Յակոբ իր Լիա կնոջմէն մէկ աղջիկ ունէր Դինա անունով, որ այդ ատեն պատանի տարիքի մէջ էր: Դինա՝ ընտանիքին միակ աղջիկը ըլլալով, իր կուսութեամբը բոլորին պատիւն էր:

  • Խորհրդանշաբար Դինա այսօր կը ներկայացնէ մեր նուիրումը, սրբութիւնը ինչպէս նաեւ Եկեղեցիին կուսութիւնը:

Յակոբ արդէն տասը տարիէ ի վեր շրջանին մէջ էր եւ վերը յիշածներուս համաձայն, հին ժամկէտ մը արդէն անցած էր եւ պէտք էր, որ Բեթէլ՝ իր ուխտը կատարելուն վայրը ելլէր (տե՛ս Ծն 35)՝ նոր ժամկէտը առնելու համար: Այդպէս, Տիրոջմէն օրհնութիւն ստանալով, ան պէտք էր շարունակէր իր ճամբորդութիւնը՝ որպէս Աբրահամի եւ Իսահակի կոչումին, այսինքն՝ Մեսիայի խոստումին համար ընտրուած եւ վստահելի անձը:

Դինա Սաղէմի մէջ ծանօթութիւններ շինելով եւ կապէր հաստատելով՝ կը պղծուի: Յակոբի համար բաւական դժուար լուծելի հարց մըն էր ատիկա: Իր աղջիկին հետ պատահածին համար պէտք էր թշնամանա՞ր այդ ժողովուրդին հետ կամ մտածէր, որ այդպիսի թշնամութիւն մը կրնար իր կոչումին, ընտանիքին եւլն. վնաս բերել:

Ծն 34.6-31-ին մէջ կը կարդանք, թէ երբ Դինայի եղբայրները անոր պղծուելուն լուրը լսեցին, բարկացան եւ խաբեբայութեամբ թլփատութիւն առաջարկեցին Սաղէմի բոլոր տղամարդոց: Եւ երբ անոնք տակաւին թլփատութեան ցաւին մէջն էին, Դինայի եղբայրները յարձակեցան եւ սուրով սպաննեցին քաղաքի բոլոր տղամարդիկը:

Յակոբ միջին լուծում մը կը փնտռէր, բայց ըստ երեւոյթին կա՛մ պղծութիւնը պիտի ընդունէին կամ ալ պիտի թշնամանային: Բայց անշուշտ երկուքն ալ իրենց պատահեցան:

Աստուած Կ'օրհնէ Յակոբը (Ծն 35.1)

Այդ դէպքերէն ետք, երբ Յակոբ շուարած էր եւ մտավախութիւն ունէր շուրջի քաղաքներու բնակիչներուն իրենց դէմ առնելիք քայլերուն վերաբերեալ, Տէրը խօսեցաւ Յակոբին եւ յիշեցուց Աստուծոյ յայտնուիլը իրեն, ըսելով. «Ելի՛ր վեր, դէպի Բեթէլ գնա ու հոն բնակէ եւ հոն սեղան մը շինէ Աստուծոյ, որ քեզի երեւցաւ քու եղբօրդ Եսաւին երեսէն փախած ատենդ» (Ծն 35.1):

Ես կը կարծեմ, որ ատիկա առիթ մըն էր, որ Յակոբ նոր քայլեր առնէր եւ նոր օրհնութիւն ստանալով շարունակէր ընթացքը:

Համար 2-էն 5-ին մէջ, Յակոբ կը սկսի իր սերունդը նուիրագործելու գործին՝ օտար աստուածները հեռացնելով, աղտերէն մաքրուելով եւ նոր հանդերձներ հագնելով: Ասոնց բոլորին ալ նպատակը Աստուծոյ նուիրուիլ եւ Անոր հետ ուխտի մէջ մտնելն էր:

  • Երբ պատրաստուելէ ետք ճամբայ ելան, արդէն օրհնութիւնը իրենց վրան էր եւ բոլորտիքը եղող քաղաքներուն բնակիչներուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ:

Խոստումները Կը Հաստատուին (Ծն 35.9-15)

Երբ Յակոբ հաստատուեցաւ այն տեղին մէջ, ուր Աստուած իրեն ըսած էր եւ որ Աստուծոյ հետ իր ունեցած ուխտին մաս կը կազմէր, Աստուած ալ իր խոստումները նորէն հաստատեց. նոյնիսկ հաստատեց նախապէս ըսուած բաներ.

  • «Անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ ըլլայ»
  • «Ես Ամենակարող Աստուածն եմ. աճիս ու շատնաս»
  • «Քեզմէ ազգ ու ազգերու բազմութիւն թող ըլլայ»
  • «Եւ քու երանքէդ թագաւորներ ելլեն»
  • «Աբրահամին եւ Իսահակին խոստումով տրուած երկիրը քեզի եւ քու սերունդներուդ ըլլայ»:

Աստուծոյ խոստումները նոյնն են եւ աւելի ալ են այսօր մեզի՝ Քրիստոսով: Եկէք այսօր ուխտենք նոր ժամանակաշրջանի մը համար: Դուրս գանք մեր հանգստի շրջաններէն՝ այն տեղերէն ու վիճակներէն, ուր խոստումին ժամկէտը անցած է եւ ձգտինք դէպի նպատակակէտ, որպէսզի հաստատուին խոստումները եւ տեսնենք ՏԵՍԻԼՔԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ:

Նախորդ Հրապարակում Աստուծոյ Ուխտը եւ Օրհնութիւնները (Ծննդոց 26.1-35)
Յաջորդ Հրապարակում Հոգեւոր Բարգաւաճում (Ծննդոց 37.1)