Դաւիթին քնար նուագելով դեւերը հեռացնելուն արդէն մօտ 6 տարի անցած էր երբ Դաւիթ Գողիաթը սպաննեց, բայց Սաւուղ չյիշեց Դաւիթը եւ ոչ ալ անոր շուրջը եղողները: Դաւիթին կատարած գործը շնորհակալութեամբ չէր ընդունած:

Ա.Թգ 18.1-5-ին մէջ կը կարդանք որՅովնաթան սիրեց Դաւիթը եւ իր փառքը անոր տուաւ ու ուխտեց անոր հետ: Յովնաթան ատիկա ըրաւ, որովհետեւ տեսաւ Դաւիթին կեանքին մէջի օծութիւնը եւ տեսաւ Աստուծոյ կամքը:

Միւս կողմէ կը տեսնենք Սաւուղի նախանձը Դաւիթին հանդէպ, մանաւանդ երբ կիները երգելով ու պարելով դիմաւորեցին թագաւորը, բայց Դաւիթին վերագրեցին բիւրաւորները, իսկ Սաւուղին՝ հազարաւորները (Ա.Թգ 18.6-8):

Սաւուղ իր նախանձին պատճառով սկսաւ Դաւիթին ծուռ աչքով նայիլ (9): Սաւուղ Դաւիթէն կը վախնար (15), քանի որ Տէրը Դաւիթին հետ էր (12) եւ ան Դաւիթը իրմէ հեռացուց զինք հազարապետ ընելով (13):

Տէրը Դաւիթին հետ էր եւ ան իմաստութեամբ կը վարուէր (14, 16). Ամբողջ ժողովուրդը կը սիրէր Դաւիթը (16):

Իր նախանձին պատճառով, Սաւուղ ռազմավարութիւն մը ըրաւ օծեալ Դաւիթին դէմ: Սաւուղին նպատակն էր որ պատերազմելու ժամանակ Դաւիթ սպաննուի Փղշտացիներուն կողմէ (17):

Երբ Սաւուղ իմացաւ որ Տէրն է Դաւիթին յաջողութիւն տուողը, աւելի չարութիւններ կը մտածէր (28-29): Ասիկա օծութիւնը անարգող բոլոր մարդոց վիճակն է:

Պէտք է մեր կեանքերէն ներս որդեգրենք Յովնաթանի օրինակը եւ Աստուծոյ տան մէջ օծութիւնն ու օծեալը բարձր պահենք:

Նախորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Պոռնիկին եւ Բաբելոնին Անկումը (Յայտնութիւն Յովհաննու 17--18)
Յաջորդ Հրապարակում Յիսուսը Ճանչնալը Յաղթութիւն է (Մատթէոս 16.13-20)