«Խոնարհութիւնը միակ անդաստանն է, ուր շնորհքը արմատ կու տայ, նաեւ խոնարհութեան բացակայութիւնը յարմարագոյն միջոցն է ձախողութեան եւ արատի», կ'ըսէ Անտրու Մըրէյ: Յովհաննէս 13.1-5-ը կը կեդրոնանայ Տէր Յիսուսի կատարածին եւ գիտցածին վրայ: Հովիւը բացատրեց, թէ ասիկա իր խոնարհութեան արդիւնքն էր: Յիսուսի ըրածը աղքատութեան հետեւանք չէր (ինչպէս շատերը կը բացատրեն), այլ՝ հարստութեան: Յիսուս գիտէր եւ սորվեցուց, թէ ճիշդ խոնարհութիւնը կու գայ Աստուծոյ հետ առողջ յարաբերութենէն:

Նախորդ Հրապարակում Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքը
Յաջորդ Հրապարակում Խաչելութիւն