Տեսնելէ ետք, թէ ո՛վ է մարդը՝ «անթրոփոսը», ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ համար Աստուած ստեղծած է զինք, այս պահուն պիտի խօսինք «անթրոփոս»ին փրկութեան մասին:
Աստուած մարդուն տուած էր հոգեւոր ինքնութիւն, որպէսզի Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւն ունենար եւ Աստուծոյ Հանգիստը մտնէր հոգիով եւ սնանէր ու առաջնորդուէր մարմինով ու շունչով:
Մարդը, անհնազանդութեան պատճառով, կորսնցուց այդ առանձնաշնորհումը: Աստուած մարդուն փրկութիւն խոստացաւ եւ Քրիստոսի գալուն յոյսը ցանեց մարդուն մէջ եւ ամէն մարդ այդ յոյսով սկսաւ ապրիլ:

Փրկութեան միջոցաւ Աստուած նորէն կ'ուզէ մարդը արժանացնել Իր Հանգիստին բարիքները վայելելու եւ կեանքի ծառէն ուտելու: Աստուած Աստուածաշունչին միջոցաւ շարունակ խօսած է եւ Փրկիչը ներկայացուցած բոլոր ձեւերով, որպէսզի Անոր յայտնուելուն օրը ամէն մարդ ճանչնայ զԻնք:
Հիմա նկատի պիտի ունենանք, թէ այդ Աստուածը, որուն մասին կը յայտնէ Աստուածաշունչը, եւ որ մարդացաւ ու երկրաւոր առաքելութեան միջոցաւ բացայայտեց Իր նպատակները՝ փրկութեան եւ բժշկութեան համար, ի՞նչ ձեւով իրագործեց այդ մէկը:

Յիսուսի Առաքելութեան Նպատակը

Ես կը հաւատամ, թէ Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան նպատակը վեցերորդ օրը ստեղծուած մարդը (Ծն 1.27, 2.7), որ մեղքի միջոցաւ բաժնուեցաւ Աստուծմէ, եօթներորդ օրուան «Հանգիստ»ը (Ծն 2.3) մտցնել է: Մարդը սկիզբէն իրաւունքը ունէր այդ հանգիստին մէջ մտնելու շունչով եւ հոգիով, եւ անմեղութեան պատճառով անոր մարմինն ալ կը վայելէր այդ հանգիստին բոլոր բարիքները: Սակայն, մեղաչելէն ետք ան կորսնցուց այդ առանձնաշնորհումը եւ միայն Քրիստոսով պիտի կարենայ այդ հանգիստին մէջ մտնել հոգիով եւ հաւատքի ճամբով պիտի սկսի փրկութիւնը փոխանցել շունչին ու մարմինին մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Այդ պատճառով, Մատթէոս աւետարանիչ ազգաբանութեան մասին խօսելէն անմիջապէս ետք, դէպի «Հանգիստ»-ը տանող այդ խոստացուած Քրիստոսին առաքելութեան մասին կ'ակնարկէ:

Աստուծոյ Հանգիստը Քրիստոսով

Մարգարէութիւններուն համաձայն, Քրիստոսի աշխարհ գալովը, Ադամի օրերէն փակուած եւ մուտքը արգիլուած «Հանգիստ»ը մտնելու հնարաւորութիւնը ունեցանք (Ծն 3.24):

Թէեւ մենք այդ «Հանգիստ»ը մտնելու իրաւունքը չունէինք, բայց Աստուած մեզ Իր պատրաստած հանգիստը մտցնելու համար.

  • Իր սիրելի Որդին ղրկեց (Յհ 3.16)
  • Մեզի համար մեղքի պատարագ ընելու եւ մեզ արդարացնելու համար (Բ.Կր 5.21: Ա.Պտ 2.22-25)
  • «Խօսքը» ղրկեց (Եբր 4.7-8,12-14, 4.1-3)
    • Մեզ վերստին Իր փառքին մասնակից դարձնելու համար (Եբր 2.8-10)
    • Մահուան իշխանութիւնը մեր վրայէն վերցնելու եւ մահուան ստրկութենէն ազատելու համար (Եբր 2.14-18)
    • Անոր արիւնով Աստուծոյ ներկայութեան մտցնելու համար (Եբր 10.19-20)
    • Որպէսզի մենք ողորմութիւն գտնենք ու շնորհք ստանանք (Եբր 4.14-16):

Խոստացուած Փրկիչը՝ Ըստ Մատթէոսի

Մատթէոս Աւետարանիչ գեղեցիկ ձեւ մը որդեգրած է՝ փրկութեան աւետիսը ներկայացնելու համար: Ան իր աւետարանը ուղղած է Հրեայ քրիստոնեաներուն: Ան իր գրած Աւետարանին միջոցաւ կը փորձէ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել, թէ.

  • Աստուծոյ խոստացած հանգիստը մտնելու ժամանակը Քրիստոսի ծնունդով կը սկսի:
  • Այդ պատճառով Աստուած իր Որդին ղրկեց վերջին օրերուն (Եբր 1.2):
  • Ան ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ մարգարէութիւնները լրացնող Փրկիչին ծնունդը (Մտ 1.23: Ես 7.14),
  • Եւ թէ Ան Աստուծոյ խոստացած «Հանգիստ»ը մտնելու սահմանուած միակ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է (Յհ 14.6):

Որդիին եւ Մարդուն կը պատկանի «Շաբաթը» (Մտ 12.8: Մր 2.27-28: Ծն 2.3)

Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ.

  • «Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան», եւ թէ «... Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է» (Մր 2.27-28):
  • Հետեւաբար, Որդին Խօսքը եւ «Հանգիստ»ը ըլլալով, կրնայ մեզի տալ մեր բոլոր կարիքները (Հռ 8.3) « 3 Արդարեւ, ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, 4 որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս կ’ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս, կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջները»: Ան յաղթեց մահուան եւ թոյլ տուաւ, որ Իրեն հաւատացողները հոգեւոր կեանք ապրին եւ հոգեւոր բարիքները վերստին վայելեն:
  • Ուստի, Անոր միջոցաւ մենք կրնանք առնել Հօր խոստումները, որովհետեւ Ան Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն «Այո»ն եւ «Ամէն»ն է (Բ.Կր 1.20-22):

Այս համարները կարդալով կը տեսնենք, թէ Շաբաթը՝ Հանգիստը, մարդուն համար եղած է եւ Որդին Շաբաթին՝ Հանգիստին, Տէրն է: Երբ կը կարդանք Ծննդոց Գիրքին երկրորդ գլուխը, կը նկատենք, թէ Աստուած երբ հանգիստը ըրաւ եւ հոն հանգչեցաւ, միայն մարդը կրնար զԻնք տեսնել եւ Իրեն հետ հաղորդակցութիւն ունենալ, որովհետեւ մարդուն հոգին կրնայ հոգեւոր բաները տեսնել եւ զանոնք ընդունիլ իր կեանքէն ներս:

  • Աստուած օրհնեց եւ սրբեց եօթներորդ օրը եւ զայն Իր «Հանգիստը» կոչեց: Հանգիստ, այսինքն՝ «Շաբաթ», եբրայերէնով “Shabbath”:

Օրհնեց Եւ Սրբեց

Օրհնել Եբր. «barak» բառը կը նշանակէ՝ ծունկ ծռել, առատութեամբ օրհնել, օրհնութեամբ դիմաւորել եւ ողջունել: «Ողջոյն», հայերէնի մէջ, ինչպէս նաեւ Եբր.-ի եւ Յուն.-ի մէջ, կը նշանակէ «Խաղաղութիւն»:

  • Օրհնել՝ «barak» բառը Enhanced Strong’s Lexicon բառարանին համաձայն կը նշանակէ նաեւ “Salute”, որ եկած է լատիներէն «Salutare, Salut, Salus, առողջութիւն եւ ապահովութիւն» բառերէն: Այսպիսով, օրհնել կը նշանակէ, առողջութիւն եւ ապահովութիւն մաղթել:

Այդ պատճառով է, որ Եբրայեցիներուն 4.16-ին մէջ արձանագրուած կը գտնենք. « 16 Ուստի համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային»:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ մենք ալ կրնանք համարձակօրէն մտնել՝ գտնելու ողորմութիւն եւ ստանալու շնորհք:

Վարագոյրէն Անդին

Նոր Կտակարանը մեզի կը յայտնէ, թէ Որդին՝ Յիսուս, փրկագործութեան միջոցաւ Ի՛նք մեզ կ'առաջնորդէ վարագոյրէն անդին, դէպի ներքին սրբարանը, կենդանի Աստուծոյ ներկայութեան՝ թշնամիէն ազատելու եւ իբրեւ Աստուծոյ զաւակ ապրելու համար (Եբր 2.1- 4,10,14-15, 3.1, 4.1):

 

Նախորդ Հրապարակում Ո՞վ է Մարդը (Ծն 1.27) - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 01
Յաջորդ Հրապարակում Անկարելի Բան Չկայ - Բժշկութեան Ծառայութիւններու եւ Վերարթնութեան Շաբաթ 03