Յիսուս կը յայտնէ, թէ երբ թագաւորութիւնը գայ, եւ անոր խորհուրդները սկսին մեր մէջ մուտք գործել, թշնամին չ'ուրախանար եւ խորամանկութեամբ իր գործը կը կատարէ: Ան կը գործածէ մեր մարդկային տկարութիւնները, թագաւորութեան գործին վնաս հասցնելու համար:

Որոմին առակին մէջ (Մտ 13.24,37-38), մարդ մը իր արտին մէջ բարի սերմ կը ցանէ, բայց մարդոց քնացած ժամանակ թշնամին կու գայ եւ որոմ կը ցանէ:

Բարի սերմ ցանողը Յիսուսն է իսկ ցանուող սերմը խօսքն է: Յիսուս թագաւորութեան նպատակները կը ցանէ աշխարհի վրայ եւ մեր մէջ: Այսօր բոլոր հաւատացեալները սերմը կը ցանեն իրենց եւ ուրիշներուն կեանքերուն մէջ, իսկ ամէն ինչ որ Աստուծոյ խօսքը կը խոստանայ թագաւորութեան մասին հաւատացեալներուն մէջ կը ցանուի հաւատքի միջոցաւ (Մտ 13.25):

Երբ Տէրը Իր խօսքերուն միջոցաւ կեանք (Յհ 6.64), առողջութիւն եւ յաղթութիւն կը խոստանայ, թշնամին որոմ կը ցանէ մեր միտքին եւ սիրտին մէջ, մեր վախերուն կամ պայմաններուն միջոցաւ:

Սովորաբար մարդիկ կը քնանան, բայց հաւատքը չի քնանար, ո՛չ ալ հաւատքին Տէրը կը քնանայ (Սղ 121.4-5): Քնանալ բառը Յունարէն «քաթե՛ւտօ» καθεύδω [katheudo /kath·yoo·do/] բառն է, որ այլաբանօրէն կը նշանակէ ենթարկուիլ ծուլութեան կամ մեղքի: Կարեւոր է ընդունինք մեր տկարութիւնը, որպէսզի ատոր մէջ Տիրոջ զօրութիւնը յայտնուի, բայց չքնանան՛ք մեր տկարութեան մէջ, որովհետեւ այն ատեն մեր կեանքերուն վրայ իշխողը թշնամին կ'ըլլայ:

Թշնամին կը փորձէ ծածկել քեզմէ Տիրոջմէ եկող բարիքները (Ելք 14.15-16, Յես 7.6-12): Թէեւ Յեսու Տիրոջ փառքը տեսած էր եւ ծառայութեան ու Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ էր, բայց ծածկուած հարցի մը պատճառով կասկածեցաւ Տիրոջ կողմէ իրեն տրուածին: Թշնամին նոյն ձեւով կը քնացնէ մարդոց հաւատքը: Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ շարունակ Խօսքին բռնուած մնանք:

«Որոմ»ը (Մտ 13.25), Յունարէնով՝ «Զիզա՛նիոն»՝ ζιζάνιον [zizanion /dziz·an·ee·on/], կը նմանի ցորենին, բայց հունտը սեւ կ'ըլլայ:

Յիսուս առակին շարունակութեան մէջ կ'ըսէ, թէ երբ խոտը բուսաւ, որոմը երեւցաւ, եւ երբ տանտիրոջ ծառաները անոր մօտենալով հարց տուին թէ որոմը ո՞ւրկէ է եւ թէ պէ՞տք էր որ քաղէին, տանտէրը պատուիրեց որ չփրցնեն, որպէսզի սխալմամբ ցորենն ալ չփրցնեն: «Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ աճին մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը: Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. 'Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք'» (Մտ13.30):

Չյուսահատինք որոմէն եւ անոր ազդեցութենէն, այլ հաւատքով եւ աղօթքով յաղթենք որոմին:

Նախորդ Հրապարակում Մեղրէն Կերա՞ր
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Դանիէլի Պատգամը 2-րդ եւ 9-րդ Գլուխները