Այս հարցումը Յովհաննէս Մկրտիչ հարցուց, եւ անոր պատասխանը Յիսուս Ի՛նք պիտի տար: Այդ պատասխանին միջոցաւ Յովհաննէս Մկրտիչ, անոր աշակերտները եւ այսօր մենք պիտի հասկնանք, թէ Քրիստոսով հասաւ վերջը բոլոր աստուածներուն եւ կրօններուն, եւ ամէն ինչ որ մարդ պէտք ունի այսօրուայ կեանքին համար եւ յաւիտենականութեան համար, ապահովուած է Տէր Յիսուս Քրիստոսով:

Տէրը նոյնանման հարցում մը հարցուց հաւատացեալներուն եւ աշակերտներուն՝ անոնց կեդրոնացումը, տպաւորութեան չափը եւ վիճակը քննելու համար.

«[…] Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՛վ կ'ըսէք, թէ եմ» (Մտ 16.15):

Տիրոջ Պատասխանն ու Նկարագրութիւնը

Մտ 11.4-ին մէջ, «Յիսուս պատասխանեց. “Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք”»:
Տէր Յիսուս կը նկարագրէր Իր գործին սկսած ըլլալը, գործելու ձեւը եւ Իր ներկայութեան մէջ ըլլալիքները:

Մարգարէութիւն՝ Ըլլալիքներուն Մասին (Ես 35.3-6)

 Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ Տէր Յիսուսի գալով եւ Անոր ներկայութեան մէջ. «[...] Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին: Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցակռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին»:

Կը հաւատամ, որ Տէր Յիսուս Մտ 11.4-5- ին մէջ վերոնշեալ հարցումին պատասխանը տուաւ յատուկ կերպով եւ թէ Ան կը հետապնդէր նպատակ մը:

«Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին
ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք.
կոյրերը կը տեսնեն,
կաղերը կը քալեն,
բորոտները կը մաքրուին,
խուլերը կը լսեն,
մեռելները յարութիւն կ'առնեն
ու աղքատներուն աւետարանը կը քարոզուի»:

Տիրոջ Սրբազան Դիրքը եւ Ինքնութիւնը

Տէր Յիսուսի որդեգրած ձեւը ձեւն էր Հայր Աստուծոյ, որ ընդհանրապէս Հին Կտակարանին մէջ կը ներկայանար՝ Իր սրբազան դիրքը եւ ինքնութիւնը պարզելու համար (հմմտ Մտ 11.4-6):

Աստուծոյ Դատաստանները՝ Տասը Հարուածներով

Մովսէսի օրերուն, Աստուած Ինքզինք թշնամիին յայտնեց տասը հարուածներուն միջոցաւ (տե՛ս Ելք 7.4-5 եւ 14.14): 
Հարուածներուն միջոցաւ Աստուած երեք բաներ ուզեց պարզել.

  • Որպէսզի Իսրայէլ գիտնայ, թէ՝ «[...] Ձեր Աստուածը Ես Եմ» (Ելք 6.7):
  • Եգիպտացիները գիտնան, «[...] Որ Ես Եմ Տէրը» (Ելք 7.5):
  • Ատիկա Իր դատաստանն էր «Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ [...]» (Ելք 12.12):

Աստուած Մէկ է, Առանձին Կը Տիրէ, Փառքը Ուրիշին Չի տար

Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Փարաւոնին ցոյց տուաւ, թէ իսկական Աստուածը մէկ է, առանձին կը տիրէ եւ Իր փառքը ուրիշին չի տար (Ելք 7.8-13: Ես 42.8):

1-Նեղոս Գետի Ջուրերը (Ելք 7.14-24)

Եգիպտացիները կը կարծէին, թէ Օսիրիս (Osiris) չաստուծոյն պատճառով Նեղոս գետը կը յորդէր եւ պտղաբերութիւն կ'ըլլար, եւ թէ գետին ջուրը անոր արիւնն էր: Բայց երբ գետը արիւնի դարձաւ եւ հոտեցաւ, այն ատեն եգիպտացիները Օսիրիսէն զատ ուրիշ աղբիւրներ փնտռեցին (տե՛ս Ելք 7.24):
Աստուած Նեղոս գետի ջուրերը եւ Եգիպտոսի ջուրերը արիւնի դարձուց, եւ բոլոր ձուկերը մեռան (Ելք 7.1,19-21), որպէսզի բոլորին յայտնուէր, թէ բոլոր բարիքները միայն Տիրոջմով կը հայթայթուին:

2- Գորտերը (Ելք 8.1-15)

Երկրորդ հարուածը պատահեցաւ Օգոստոս ամսուան մէջ: Գորտերը Օգոստոս ամսուան մէջ չէին շատնար, հապա՝ Նեղոսի յորդած ջուրերը պակսելէն ետք՝ Դեկտեմբերին, եւ բնաւ ժողովուրդին տուները չէին մտներ:
Գորտերը Եգիպտացիներուն համար սուրբ էին:

Եգիպտացիներու պանթէոնին (չաստուածներու մեհեանին) մէջ Հեքեթ (Heqet) չաստուածը կնոջ կերպարանք ունէր, գորտի գլուխով:

Փարաւոն չափով մը գիտէր, թէ իր մոգերը սուտ էին եւ թէ միայն Մովսէսի Աստուածը ճշմարիտ աստուածն էր: Թէեւ Փարաւոնի մոգերը կախարդութեամբ նոյն բանը ըրին, բայց բնաւ իշխանութիւն գործածելով զանոնք վերցնել չմտածեցին (Ելք 8.7):

Փարաւոն Մովսէսէ՛ն խնդրեց, որ աղաչէ Աստուծոյ՝ գորտերը երկիրէն վերցնելու համար, եւ խոստացաւ իսրայէլացիները արձակել:

Մովսէս ըսաւ Փարաւոնին՝ «Ժամանակ մը որոշէ ինծի [...]» (Ելք 8.11), որպէսզի բոլորին առջեւ աղաչէր եւ Տէրը գորտերը վերցնէր՝ բոլորին ցոյց տալու համար, թէ միայն Տէրն է ճշմարիտ եւ ամենակարող Աստուածը:

3- Մուները (Ելք 8.16-19)

Ելք 8.16-19- ին մէջի մուներու հարուածը հաւանաբար ուղղուած էր անապատի Սէթ (Set) չաստուծոյն եւ անոր քուրմերուն դէմ, որոնք իրենց մաքրութիւններու կեղծ ծէսերով կը հպարտանային:

4- Շանաճանճեր (Ելք 8.20-32)

Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները պէտք չէ վախնան մարդոց ըսելիքներէն եւ պէտք չէ ետ կենան Տիրոջ կողմէ տրուած ճշմարտութիւնները խօսելէն:

(Հմր 22-23) Տէրը պաշտող ժողովուրդէն եւ ծառաներէն հեռու պիտի մնան շանաճանճերու նման նեղացուցիչ հարուածները, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ միայն «ՈՐ Էն» (Ելք 3.14)՝ Յիսուս է երկրի վրայ տիրողը:

  • Որպէսզի ամէն արարած իմանայ, թէ Տիրոջ աչքերը կը շրջին եւ կը տեսնեն ամէն բան: Եւ նոյնիսկ միջատներուն գոյութիւն ունեցած տարածքներուն եւ սահմաններուն մէջ Տէրը կը պահէ Իր ժողովուրդը (հմմտ Բ.Մն 16.9):
  • Աստուած աւելին ալ կը յայտնէ 23-րդ համարին մէջ, թէ՝ «խտրութիւն» դնելով պիտի յայտնէ Իր ժողովուրդին եւ միւսներուն տարբերութիւնը:
    • Խտրութիւն՝ եբրայերէնով «Փետութ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ ազատութեան փրկանք վճարել, հատուցանել:

(Հմր 24) Բէեղզեբուղ իշխանը հռչակաւոր էր որպէս օդի եւ միջատներու աստուածը (տե՛ս Մտ 12.24: Դ.Թգ 1.2): Բայց ըստ երեւոյթին, անիկա կեղծ թեկնածու մը եւ բռնատէր մըն էր: Արդարեւ Տէրը անոր յաղթեց նոյնիսկ շանաճանճերով:

  •  Շանաճանճերը յայտնի էին իրենց ցաւցնող խայթոցներով:
  • Բայց տակաւին չկրցան ճշմարիտ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած դատաստանին դէմ կենալ:

5- Անասուններու Մահը (Ելք 9.1-7)

Ելք 9.1-7- ին համաձայն, եգիպտացիները ցուլը կը սեպէին իրենց Ափիս (Apis) եւ Ռէ (Re) չաստուածը, իսկ Հաթոր (Hathor) կովը՝ կնոջ կերպարանքով եւ շատ անգամ կովու գլուխով, իրենց սիրոյ, գեղեցկութեան եւ ուրախութեան չաստուածը:

Բոլոր ասոնք զարնուեցան՝ փաստելու համար, թէ անոնք չէին կրնար տալ սէր, գեղեցկութիւն եւ ուրախութիւն: Բայց Տէրը դիտմամբ պահեց Գեսեմի երկիրին մէջ եղող Իսրայէլի որդիներուն հօտերը, որպէսզի յայտնէր, թէ Ինքն է միակ Աստուածը եւ ուրախութիւն տուողը (Ելք 9.6-7):

6- Ուռեցքներ (Ելք 9.8-12)

Ուռեցքներու հարուածը վեցերորդ հարուածն էր: Մովսէս ու Ահարոն խորհրդանշաբար հնոցի մոխիր առին՝ ցոյց տալու համար, թէ եգիպտացիներուն եւ չաստուածներուն կարողութիւնը մոխիրի պէս էր:

Թէեւ անոնք կը պաշտէին առիւծի գլուխով զօրեղ Սեխմէթ (Sekhmet) եւ Սունու (Sunu) չաստուածները, իսկ բժշկութեան համար Իսիս (Isis) չաստուածը, բայց տակաւին չբժշկուեցան:

Նոյնիսկ մոգերո՛ւն վրայ ուռեցքներ եկան (Ելք 9.11):

7- Կարկուտ (Ելք 9.13-35)

Եօթներորդ հարուածը հարուածներու երրորդ խումբին կը պատկանէր (եօթը, ութը եւ իննը), որ ամենաշատ ցաւցնող ու վնաս հասցնող հարուածներն էին:
Եօթներորդ հարուածը լուրջ տնտեսական վնաս հասցուց:

Այդ հարուածը քանի մը Եգիպտոսի աստուածներու մարտահրաւէր մըն էր.

  • Նաթ երկինքի չաստուածուհին չկրցաւ փոթորիկը կեցնել:
  • Օսիրիս բերքի բեղմնաւորութեան չաստուածը չկրցաւ բերքը պահել կարկտաբեր փոթորիկէն:
  • Ոչ ալ փոթորիկի Սէթ չաստուածը կրցաւ դադրեցնել փոթորիկը:

(Հմր 20) Փարաւոնի ծառաներէն անոնք, որոնք կը վախնային Տիրոջմէ իրենց հօտերը տուներու մէջ հաւաքեցին եւ ազատեցին զանոնք:
(Հմր 26) Միայն Գեսեմի երկրին մէջ կարկուտ չտեղաց:

8- Մարխները (Ելք 10.1-20)

(Ելք 10.1-6) Մարախները կը թռչին միլիոններով. կրնան կարճ ժամանակի մէջ քիլոմեթրներու տարածքի վրայ գտնուող բերք կամ ամբողջ քաղաքի մը բերքը աւրել (հմմտ Յվլ 1.2-7 եւ Ամս 7.1-3):

(Ելք 10.7) Ասիկա շատ աւելի մեծ վնաս էր երկիրին եւ ժողովուրդին քան իսրայէլացիները գերի պահելը: Այդ պատճառով ըսին թագաւորին. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր, որ Եգիպտոսը աւրուեցաւ»:

  • Նորէն Եգիպտոսի չաստուածներէն Նաթ երկինքի չաստուածուհին չկրցաւ մարախները կառավարել իսկ Օսիրիս բերքի բեղմնաւորութեան չաստուածը չկրցաւ բերքը պահել:

Ասիկա Եգիպտոսի համար մեծ վնաս էր: Անոր.

  • Բնական գեղեցկութեան
  • Տնտեսութեան
  • Ընկերային կեանքին
  • Ընդունած աստուածաբանութեան

Ելք 10.1-20- ին մէջ կը տեսնենք, թէ Փարաւոնի ծառաներուն ձեռքերը թուլցան Աստուծոյ իշխանութեան դիմաց (տե՛ս Ելք 10.7-11,16- 20):

9- Շօշափելի Խաւարը (Ելք 10.21-29)

Ելք 10.21-29- ին համաձայն, մեր յիշած չաստուածները նուաստացնելու կողքին, խաւարը ցոյց կու տայ, թէ լոյս, տաքութիւն եւ բեղմնաւորութիւն ապահովողը Ռէ չաստուածը չէ, որուն ներկայացուցիչն է Փարաւոն եւ որուն անունով կոչուած է «փարաւոն», որ կը նշանակէ արեւ:

(Ելք 10.24-25) Երբ Փարաւոն ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջարները մնան [...]», Մովսէս բնաւ զիջում ցոյց չտուաւ, հապա ըսաւ. «Պէտք է, որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէսզի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք»:

10- Անդրանիկներուն Մահը

Ելք 11-- 12.42-ին մէջի անդրանիկներուն մեռնիլը թշնամիին վերջնական պարտութիւնը կը ներկայացնէ:

Մեզի Տրուած Իշխանութիւնը

«Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.12 շեշտադրումը մեր կողմէ):

«Ընդունիլ»՝ յունարէնով «լամվա՛նօ» (λαμβάνω [lambano /lam·ban·o/]) բառը ունի բազմակողմանի գործածութիւն.

  • Հռչակել
  • Ընդունածիդ կառչած մնալ
  • Պայքարիլ՝ ձեռք բերելու համար
  • Հրամցուածը ընդունիլ եւ առնել

Երբ Յիսուսը ընդունած եմ որպէս Տէր եւ Փրկիչ եւ կ'ապրիմ Անոր կամքին համաձայն, Ան իմ մէջս եւ ինծի հետ պիտի ըլլայ՝ զիս ազատելու համար այս աշխարհին մէջ գտնուող բոլոր հարուածներէն:

 

 

Նախորդ Հրապարակում «[…] Ժողովուրդը Խոնարհեցաւ ու Երկրպագութիւն Ըրաւ» (Ելք 12.27)
Յաջորդ Հրապարակում Կարմիր Ծովէն Անցքը (Ելք 14)