Կան երեք հիմնական կէտեր՝ գիտնալ, ընդունիլ եւ ակնկալել:

Նախքան աշխարհէն երթալը, Յիսուս Իր աշակերտներուն Իր վերջին թելադրանքները ըրաւ: Ան գիտէր, թէ պիտի յաղթէր Սատանային, բայց նաեւ գիտէր, թէ Հօր խոստումը վայելելու համար աշակերտներուն համար բաւարար չէր միայն գիտնալը. անոնք պէտք ունէին Սուրբ Հոգիով զօրանալու: Սուրբ Հոգին անոնց մէջ պիտի դնէր Յիսուսի յաղթութեան բոլոր մանրամասնութիւնները, որպէսզի Սուրբ Հոգիին լեցունութեամբ ապրէին:

Յիսուս աշակերտներուն յայտնեց ուրիշ մխիթարիչի մը մասին, որ պիտի գար եւ յաւիտեան իրենց հետ բնակէր: Մենք Սուրբ Հոգին մէկ անգամ կը ստանանք, բայց Ան յաւիտեան մեզի հետ կ'ըլլայ ու մեզի հետ կը խօսի յաւիտենական սկզբունքներու մասին:

Ընդունինք Սուրբ Հոգիին աշխատանքը մեր մէջ (Եզ 36.25-38):

Սուրբ Հոգին՝

  • Մեզ նոր ջուրով կը մաքրէ,
  • Նոր մարմնեղէն սիրտ կու տայ (16),
  • Կու տայ զօրութիւնը օրէնքը եւ իրաւունքը կատարելու (27):
  • Մեզի խոստացուած սահմանները պիտի տայ (28)
  • Կու տայ նիւթական եւ տնտեսական յաջողութիւն (29):

Անոր ներկայութեան՝

  • Մենք մեր մէղքէն պիտի զզուինք (31):
  • Աւերակները պիտի շինուին:
  • Երկիրը դրախտի պէս պիտի ըլլայ (35):

Սուրբ Հոգին եկած է մեր կեանքերը դրախտային բարիքներով լեցնելու: Ան մեր մարդկային ուժով չի գործեր, ոչ ալ մեր մարդկային սահմաններուն համաձայն, այլ՝ յաւիտենական սկզբունքներուն համաձայն: Պէտք է աղօթքով ակնկալենք եւ Աստուծոյ սպասենք: Ակնկալե՛նք զօրանալ, յաւիտենական զօրութիւնը մեր մէջ առնել եւ Քրիստոսի համար վկայ ըլլալ: Ակնկալե՛նք ամբողջ աշխարհը Քրիստոսով լեցնել (Եփ 1.10-12)՝ թշնամիին գործունէութեան վերջ դնելու համար (Ա. Յհ 3.8):

Նախորդ Հրապարակում Եկեղեցին
Յաջորդ Հրապարակում Կոչում եւ Առաքելութիւն (Մատթէոս 4.18-22)