6 Յունուար 1941-ին, Ֆրենքլին Ռուզվելթ Եւրոպայի դէմ մղուող պատերազմին մասին տուած իր ճարին աւարտին կ'ըսէ, թէ ինք կ'ակնկալէ աշխարհ մը, որ հիմնուած է մարդկային չորս հիմնական ազատութիւններու վրայ.

  1. Խօսքի ազատութիւն
  2. Պաշտելու ազատութիւն
  3. Ուզելու (խնդրելու, պահանջելու) ազատութիւն
  4. Վախէն ազատութիւն

Հռ 8-ին մէջ, Պօղոս կը յայտարարէ չորս հոգեւոր ազատութիւններուն մասին: Այս գլուխին մէջ, մեկնաբանները շեշտը կը դնեն Սուրբ Հոգիին վրայ, որուն մասին յիշուած է 19-ը անգամներ: «[...] Ուր որ Տիրոջ Հոգին կայ հոն ազատութիւն կայ» (Բ.Կր 3.17):

Դատապարտութեան Ենթակայ Չենք

«Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր» (Հռ 8.1):

Համարին մէջ չի նշեր, թէ ան որ անսխալ կամ անմեղ է դատապարտութիւն չունի, որովհետեւ Սուրբ Հոգին գիտէ, թէ հաւատացեալները՝ Քրիստոնեաները, կը սխալին եւ կը մեղանչեն: Օրինակի համար, Աբրահամ ստեց իր կնոջ համար, Դաւիթ շնութիւն ըրաւ եւ Պետրոս փորձեց սուրով սպաննել զինուոր մը: Թէեւ ասոնք իրենց ըրածներուն հետեւանքները կրեցին չափով մը, բայց այդ սխալներուն համար չդատապարտուեցան:

Հաւատացեալը նոր յարաբերութիւն մը ունի Օրէնքին հետ եւ այդ պատճառով դատապարտութիւն չունի:

Հաւատացեալին դատապարտութիւն չունենալուն մասին Պօղոս երեք յայտարարութիւններ ըրած է:

1) Հաւատացեալը Ազատ Է Մեղքի եւ Մահուան Օրէնքէն (Հռ 8.2)

Հաւատացեալին կեանքը եւ ընթացքը որոշողն եւ որակողը մեղքի ու մահուան Օրէնքը չէ, հապա Սուրբ Հոգիին Օրէնքը: Թէեւ առանց օրէնքի չենք ապրիր, սակայն Օրէնքը ուղղակի իշխանութիւն չունի մեր վրայ, որովհետեւ մեռած ենք Օրէնքին համար:

Մեռած մարդը դատի չեն կանչեր եւ հետեւաբար մենք ալ ազատ ենք Օրէնքին դիմաց դատապարտութենէ:

2) Յիսուսով Ամէն Բան Ընելու Կարող Է Հաւատացեալը (Հռ 8.3)

Չկայ բան մը, զոր հաւատացեալը չի կրնար ընել իր նոր ինքնութեամբ, որովհետեւ Յիսուս Իր զոհաբերական մահով եւ անմեղութեամբ յաղթեց մեղքին ու փճացուց մահուան իշխանութիւնը իր յարութեամբ: Հետեւաբար մենք այլեւս յաղթող ենք եւ կարող ենք ամէն բանի՝ Քրիստոսով (Փլպ 4.13):

3) Հաւատացեալը Օրէնքի Բոլոր Պահանջքները Կրնայ Գործադրել (Հռ 8.4)

Հաւատացեալը կը յաջողի օրէնքին բոլոր պահանջները կատարելու հաւատքով եւ շնորհքով, զորս կը ստանայ Սուրբ Հոգիէն՝ Քրիստոսով: Հաւատացեալը Սուրբ Հոգիով կը յաջողի ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն (Փլպ 2.13):

Հաւատքի Վերաբերող Չորս Զոյգ Կէտեր

  1. Մարմնաւոր - հոգեւոր
  2. Մեռած - կենդանի
  3. Աստուծոյ հետ պատերազմ - Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն
  4. Անձ հաճեցնել - զԱստուած հաճեցնել
  1. Մարմնաւոր- հոգեւոր (Հռ 5.5) Մարմնաւորը կ'ապրի մարմինին պահանջքներուն համար, որոնք որեւէ ձեւով չեն ծառայեր Աստուծոյ ծրագիրին:
  2. Մահ-Կեանք (Հռ 8.6) Մարմնաւորին մասին խորհող անձը ողջ է ֆիզիքապէս, բայց մեռած՝ հոգեւորապէս. իր հոգիին հետ հաղորդակցութիւն չունի: Կրնայ ան մաքուր ըլլալ բարոյապէս՝ կրօնը սիրող, բայց տակաւին՝ հեռու հոգեւոր աշխարհէն: Հաւատացեալը պէտք է ապրի Սուրբ Հոգիով եւ Անոր զօրութեամբ (հմմտ Հռ 8.2),. ոչ միայն անունով, հապա գործնականապէս:
  3. Աստուծոյ Թշնամի- Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն (Հռ 8.7) Հռ 7-ին մէջ կը տեսնենք, թէ ի՛նչպէս մեր հին բնոյթը կ'ըմբոստանայ Աստուծոյ դէմ, եւ Աստուծոյ ենթարկուելու յոյս չի ցուցներ բնաւ: Բայց Յիսուսը ընդունողները, Անոր բերած հաշտութեան խաղաղութիւնը պիտի վայելեն Աստուծոյ հետ (Հռ 5.1):
  4. Անձ Հաճեցնել - զԱստուած Հաճեցնել (Հռ 8.8) Մարմնաւոր ըլլալ կը նշանակէ՝ «կորսուած» ըլլալ, այսինքն՝ չպատկանիլ Քրիստոսի: Անապաշխարհ անձը կ'ապրի իր անձը հաճեցնելու համար:

Յիսուսի Պատկանողներուն Առանձնաշնորհումները Պօղոսի Համաձայն(Հմր 9) «[…] Հոգին ձեր մէջ կը բնակի […]»:

  • Սուրբ Հոգին ունինք:
  • Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը մեր փոխակերպուած ըլլալուն նշանն ու փաստն է: Սուրբ Հոգին կը վկայէ, թէ որդի ենք (Հռ 8.16): Մեր մարմինը Անոր տաճարն է (Ա.Կր 6.19-20): Թէեւ մեղքի պատճառով մեր մարմինը սահմանուած է մեռնելու, բայց Սուրբ Հոգին այսօր կեանք կու տայ այդ մարմինին, որպէսզի Աստուծոյ ծառայենք գերբնականին միջոցաւ:

Երբ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը բնակի, մենք նոր կեանքի տարողութեան փորձառութիւնը կ'ունենանք:

Ան Իմ Հետս եւ Ես Անոր Հետ (Հռ 8.12-17)

Բաւարար չէ որ մենք Սուրբ Հոգին ունենանք: Պէտք է Ան ալ մեզ ունենայ, այսինքն՝ մեր կեանքը Իրեն ենթարկուած ըլլայ:

Երբ Ան մեր նուիրումին ընդհանուր ուշադրութիւնը ունենայ, այն ատեն կրնայ բաժնեկցիլ մեզի հետ Իր առատ եւ յաղթական ինքնութիւնը, յատկութիւնները եւ կենդանութիւնը:

Յաջողութեան բանալին - Այսուհետեւ մենք պարտաւորութիւններ չունինք մեր մարմինին հանդէպ: Հապա մեր պարտաւորութիւնը Քրիստոսի եւ Հոգիին հանդէպ է, թէ՝ երբ հաւատքով վստահեցանք Անոր, Ան յայտնաբերեց մեզի Քրիստոսը եւ մեր մէջ դրաւ յաւիտենական կեանքը:

  • Ան է, որ մեզի կու տայ հնազանդելու զօրութիւնը:
  • Ան է, որ մեզի կու տայ Յիսուսի նմանելու կարողութիւնը:

Որդեգրութեան Հոգին

Սուրբ Հոգին նաեւ որդեգրութեան Հոգին է. «Քանզի դուք ծառայութեան Հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան Հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր» (Հմր 15 հին Թ.):

Ն.Կ.-ին մէջ գործածուած որդեգրութիւն բառը կ'ակնարկէ որպէս չափահաս զաւակ ընդունուելուն:

Թէեւ նորածինները չեն կրնար խօսիլ, քալել եւ գործել, բայց մենք հոգեւորապէս ծնելէն անմիջապէս ետք, կրնանք առաջնորդուիլ, զգալ եւ ապրիլ Սուրբ Հոգիով (Հռ 8.14):

«Վասնզի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ'առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են» (Հռ 8.14): Այս համարին մէջ գործածուած բային նշանակութիւնն է՝ կամովին առաջնորդուիլ:

Երբ կ'ենթարկուինք Սուրբ Հոգիին, Ան ամէն օր մեզ կ'առաջնորդէ Իր խօսքով:

Մենք Սուրբ Հոգիով կատարեալ ազատութիւն ունինք հետեւելու եւ ծառայելու Յիսուսին:

(Հմր 15) Հաւատացեալը կրնայ Սուրբ Հոգիով աղաղակել Աստուծոյ՝ զԱյն «Աբբա» կոչելով:

Սուրբ Հոգին նախ մեզի կը յայտնէ «Աբբա»-ն (Գղ 4.6) եւ ապա մենք Աստուծոյ կը կանչենք «Աբբա»:

(Հմր 17) «Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ […]»:

Նորածինը չի կրնար վճարագիր (չէք) մը ստորագրել կամ դրամատանային գործեր կատարել, որովհետեւ փոքր է եւ անկարող: Բայց մենք՝ որպէս ժառանգորդներ,այժմէն ժառանգորդի բոլոր իրաւունքները կը վայելենք:

Մինչ Սուրբ Հոգին կը սորվեցնէ մեզի, մենք Աստուծոյ ժառանգութեան կ'արժանանանք:

Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում, որ հաւատացեալը՝ Սուրբ Հոգիին ենթարկուելով կրնայ ապրիլ որդեգրութեան կեանքը՝ իր բոլոր չափանիշներով:

Նախորդ Հրապարակում Սրտանց Հնազանդութիւնն ու Վարձատրութիւնը (Հռոմայեցիս 6)
Յաջորդ Հրապարակում Ապագայ Փառքը (Հռոմայեցիս 8.18-30)