Յյտ 17 - Ո՞վ Է Մեծ Պոռնիկը

Նախ եւ առաջ պոռնիկը կին մըն է, որ մարդոց սիրտերը կը գրաւէ, կը հրապուրէ:

Յովհաննէս կ'ըսէ, թէ երկրի թագաւորները անբարոյութիւն ըրին (Յյտ 17.2): Յովհաննէս կը յայտնէ նաեւ, թէ պոռնիկը սուրբերուն արիւնով գինովցած էր (Յյտ 17.6):

Յյտ 18.23-24-ին մէջ Յովհաննէս պոռնիկին մասին կ'ըսէ,«[…] Քանզի քու վաճառականներդ երկրին մեծամեծներն էին. վասն զի քու կախարդութիւնովդ բոլոր ազգերը մոլորեցան: Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ»:

Յայտնութեան ուսուցիչներուն մեծ մասը զօրաւոր կապ կը գտնէ պոռնիկին եւ կրօնին միջեւ:

  • Դժուար ընդունելի կամ բացատրելի է ասիկա, սակայն Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ թագաւորներ անոր հետ անբարոյ գործեր ըրին (Յյտ 17.2):
  • Դարեր շարունակ ղեկավարներ կրօնը օգտագործեցին, որպէսզի իրենց մարգարէներ եւ սուրբեր սպաննելը արդարացնեն:
  • Նոյնիսկ Յիսուսի սպաննուիլը կազմակերպուած էր այդ օրուան կրօնական ղեկավարներուն կողմէ:
  • Այս պարունակին մէջ երբ «կրօն» բառը կը գործածենք, կարծես Քրիստոնէութիւնը ներկայացուցած կ'ըլլանք ժխտական ձեւով մը, բայց իրականութեան մէջ մեր կեդրոնացումը մարդոց վրայ է. այն մարդոց, որոնք անունով հաւատացեալներ են, եւ Քրիստոնէութեամբ ու իրենց կեանքերով միայն դիւային էակները կը հաճեցնեն:

Յյտ 17.7-9-ին մէջ կը կարդանք, թէ Պոռնիկ կինը կը նստի եօթը լեռներու վրայ, որոնք եօթը թագաւորներ են:

Հռոմ քաղաքը եօթը լեռներով շրջապատուած էր. անիկա կը կոչուէր՝ «եօթը բլուրներով քաղաքը» (septimontium):

Ուրիշներ կը կարծեն, թէ եօթը լեռներով քաղաքը Երուսաղէմն էր, որովհետեւ Երուսաղէմ ալ եօթը լեռներով շրջապատուած էր:

Եօթը թագաւորները հետեւեալներն են՝ Յուլիոս Կեսար, Օգոստոս, Տիբերիոս, Գալիկուլա, Կլաւտիոս, Ներոն եւ Կալպա:

10-րդ համարին մէջ յիշուած հինգ ինկածները վերոնշեալ անուններուն հինգն են: Վեցերորդը Ներոն կայսրն է, որ Յովհաննէսի օրերուն կ'իշխէր, իսկ եօթներորդը Կալպան է, որ միայն եօթը ամիս իշխեց:

Յյտ 14.17-20 - Հռոմի Կայսրութիւնը Կը Կործանի

Այս համարներուն մէջ կը տեսնենք Հռոմի կործանումը: Արշաւողները հիւսիսէն գալով աւար կ'առնէին ու կը սպաննէին ժողովուրդը Հռոմի զանազան գաւառներուն մէջ:

  • Ք.Ե. 378 թուականին գոթերը (հին գերման ցեղ մը, վայրագ, բարբարոս - Goths) խաբեբայութեամբ յաղթեցին հռոմէական լեգիոններուն:
  • Ք.Ե. 410 թուականին արեւմտեան գոթացիները (Visigoths) եկան եւ կողոպտեցին Հռոմ քաղաքը:
  • Վերոյիշեալ ժամանակներէն ետք Հռոմի կայսրութեան արեւմտեան մասը սկսաւ անկում ապրիլ, մինչեւ որ 476 թուականին տկարանալով՝ խորտակուեցաւ:
  • Սակայն արեւելեան մասը՝ Բիւզանդական կայսրութիւնը մնաց մինչեւ 1453 թուական, որմէ ետք թուրքերը գրաւեցին Կոստանդնուպոլիսը (Բիւզանդիոնի մայրաքաղաքը):

Ճիշդ ինչպէս Դանիէլ ըսած էր, Հռոմի կայսրութիւնը ինկաւ եւ Աստուծոյ յաւիտենական թագաւորութիւնը՝ Եկեղեցին շարունակեց մեծնալ (Դն 2.40-44):

Յյտ 15—18 - Աստուծոյ Համաշխարհային Դատաստանը

Տասներկուերորդ գլուխէն տասնչորրորդ գլուխներուն մէջ խօսեցանք Հռոմէական կայսրութեան դատաստանին եւ անկումին մասին:

Այս գլուխներուն մէջ պիտի խօսինք Աստուծոյ համաշխարհային դատաստանին մասին. Բաբելոնի եւ Պոռնիկին դատաստանին մասին եւ ասոնց վերջնական պարտութեան մասին:

Յայտնութիւն 15--16 - Բարկութեան Եօթը Սկաւառակները (Անօթները)

Յյտ 15.1,5-7-ը ցոյց կու տայ եօթը հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ եօթը սկաւառակները կը ստանան:

16.1-ին մէջ եղող բարկութեան եօթը սկաւառակներուն պարպուիլը կը կարծուի, թէ Աստուծոյ կատարելիք դատաստանին վերջն է, բայց մենք կ'ընդունինք, թէ այդ բարկութեան օրերը հռոմէացիներուն օրերէն մինչեւ այսօր եւ աւելի ալ կ'երկարի՝ հասնելով մինչեւ 19-րդ գլուխին մէջ Յիսուսի յայտնուելուն իբրեւ թագաւոր:

Եօթը սկաւառակները միայն բառացիօրէն չբացատրենք, որովհետեւ հրեաներուն համար եօթը թիւը կատարելութեան խորհրդանիշ է: Կործանումը կը սկսի երբ առաջին վեց սկաւառակները կը պարպուին: Յովհաննէս կը տեսնէ, թէ ի՛նչպէս ժողովուրդը կը տառապի: Այդ պատճառով ալ պէտք է կործանումին նայիլ նախ հոգեւորապէս: Այս պատմութեան մէջ կը տեսնենք կա՛մ հոգեւոր արարածներ, ինչպէս՝ հրեշտակներ, կամ ալ խորհրդանշական առարկաներ, ինչպէս՝ սկաւառակները: Սկաւառակներուն պարպուիլը կը խօսի Աստուծոյ թագաւորութեան օրէնքին ու կանոնին տարածուելուն եւ ընդարձակուելուն մասին:

Նախորդ Հրապարակում Ծնունդ, Խոստում եւ Ազատագրում
Յաջորդ Հրապարակում Վախճանաբանութիւն - Բաբելոն՝ Հպարտութեան Ոգին