Թէեւ հոգիներ զանազանելու պարգեւը գերբնական պարգեւ մըն է, բայց պէտք է գիտնալ, թէ մարդը արդէն իսկ չափով մը ունի այդ պարգեւը ընկալելու սկզբնական կազմուածքը:

Սկիզբէն մարդը Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ ստեղծուեցաւ (Ծն 1.26-27), կենդանի հոգիով (Ծն 2.7), հողեղէն շնչաւոր մարդ (Ա.Կր 15.45), բայց կենդանի հոգիով: Այսինքն՝ մարդը իր երկու բնոյթներուն հետ ալ կապակցութեան մէջ մտնելու կարողութեամբ օժտուած էր: Ուստի Ադամ իր երկու բնոյթներուն ներգործութեամբ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքին համաձայն կեանքը ապրելու եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ճանչնալու կարողութիւնը ունէր (Ծն 3.8): Ասիկա մարդուն տրուած սկզբնական կարողութիւն մըն էր, զոր մենք այսօր «հոգիներ զանազանելու պարգեւ» կը կոչենք:

Անհնազանդութեան պատճառով, մարդը մեղանչեց եւ հոգիով մեռաւ (Եփ 2.1): Կենդանի հոգիէն զրկուած ըլլալով, ճշմարիտ գիտութեան աղբիւրը չորցած էր իրեն համար եւ որեւէ հոգեւոր բան այլեւս դիւրըմբռնելի չէր իրեն համար: Ան նոյնիսկ զինք ստեղծող Աստուածը ճանչնալու կարողութիւնը կորսնցուցած էր (Ծն 3.8,10,12):

Ներկայիս, շատ մը պատճառներով, մարդիկ Տիրոջմէ կը վախնան եւ իրենց անձերը Անկէ կը պահեն, որովհետեւ զանազանելու պարգեւը չունին եւ հոգեւոր բաները իրենց համար տեսանելի չեն: Մարդիկ կ'ապրին ու կ'առաջնորդուին իրենց զգացումներէն մղուած եւ ո՛չ Աստուծմէ: Այլ խօսքով, մարդը մէկ բնոյթ ունի եւ հոգեղէն բնոյթին հետ կապը խզուած է:

Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը մարդուն կողմէ մութ ըլլալուն պատճառաւ, Սատանան այդ իրավիճակը կ'օգտագործէ եւ պիղծ ոգիներուն միջոցաւ դէպի սահմանուած փրկութիւնը երթալու մղումը ունեցող մարդը կը մոլորեցնէ, անոր տրամաբանութեան մէջ դնելով մոլորեցուցիչ խորհուրդներ, ատոնցմով մարդուն սիրտը ու անձը Աստուծմէ հեռու պահելու համար (Բ.Կր 4.4):

Այսպիսով, երբ հոգեղէն աշխարհի հետ մեր կապը խզզուի, այլեւս չենք կրնար իմանալ հոգեւոր աշխարհին տեսակէտը եւ չենք գիտնար Սատանային կատարածները:

Աստուծոյ կողմէ տրուած փրկութեան խոստումը կ'ընդգրկէր հոգիներ զանազանելու կարողութիւնը (Ծն 3.15), որպէսզի մարդը կարենայ հոգեւոր աշխարհը ներթափանցել եւ իմանալ ճշմարիտ Աստուածը եւ Աստուծոյ ու մարդուն թշնամին՝ Սատանան: Իսկ փրկութեան առաջին պտուղը, զոր մենք կը վայելենք մեր հոգիին կենդանութիւնն է (Եփ 2.4-5):

Մեր հոգին Քրիստոսով կեանքի կոչուելով, կրնանք այլեւս ճանչնալ հոգեւոր բոլոր իրողութիւնները եւ բարին չարէն կրնանք զանազանել (Եփ 1.17-20: Ա.Յհ 2.20). «Մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի…» (Ա.Կր 2.16), եւ միեւնոյն ատեն Սատանային չար խորհուրդներն ալ կրնանք յայտնաբերել (Բ.Կր 2.11):

Հոգիներ զանազանելու գերբնական պարգեւը (Ա.Կր 12.10) սոսկ մարդկային կարողութիւն մը չէ, այլ՝ գերբնական պարգեւ մը, որ Սուրբ Հոգիով կը կիրարկուի. հոգեղէն աշխարհը կը ներթափանցէ, նոյնիսկ՝ հոգեղէն թագաւորութեան խորը, ըլլայ անիկա բարիինը կամ չարինը, ի շահ եկեղեցիին՝ հոգեղէն անցուդարձները յայտարարելու համար:

Հոգիներ զանազանելու պարգեւը կը պատկանի տեղեկացնող (ներշնչական) գերբնական պարգեւներու խմբակին եւ իրաւասութիւնը ունի զանազանելու ամէն ինչ, որ Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրին եւ նպատակներուն կը վերաբերի: Զանազանելու գերբնական պարգեւին միջոցաւ Մովսէս Աստուծոյ փառքը տեսաւ (Ելք 33.20-23), Միքիա մարգարէն տեսիլքի մը մէջ տեսաւ, իմացաւ ու պատմեց երկինքի գահին շուրջ կատարուածը (Գ.Թգ 22.19-23): Եսայի մարգարէն տեսաւ Տէրը գահին վրայ եւ փառաբանող Սերովբէները Անոր շուրջ (Ես 6.1-4), իսկ Պօղոս առաքեալ գիտցաւ ստրուկ աղախինին հարցուկ ոգի ունենալը (Գրծ 16.16-18): Վերջապէս, Յովհաննէս առաքեալ գերբնական պարգեւին միջոցաւ կը զանազանէր տեսիլքներուն մէջ գտնուող երեւոյթները (Յյտ 1.1--22.21):

Նախորդ Հրապարակում Փրկութեան Յոյսը` Մեր Խարիսխը
Յաջորդ Հրապարակում Հաւատքի Պարգեւը