(Բ.Կր 10.3-5) «Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ'ընենք, վասնզի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցները քակելու: Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ'ընենք»:

Աստուծմէ առնուած զօրութիւնը ի՞նչ ձեւով կը գործէ արդէօք:

  1. Ֆիզիքական պատերազմ՝ մարդոց միջեւ, թագաւորներու միջեւ, զէնքեր գործածելով:
  2. Հոգեւոր պատերազմ՝ դիւային աշխարհին դէմ:
  3. Մտաւոր պատերազմ՝ խորհուրդներ, միտքեր, ատելութիւն, ոխ, բարկութիւն եւ խորհուրդներ:

Վերեւ յիշուած երեք տեսակ պատերազմները կը յաջողին երբ անձը նկարագիրը ենթարկած է պատերազմին նպատակին, որ է հետեւեալը՝ (Եփ 6.12) «Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի եւ մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ, եւ այս խաւար աշխարհին՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»:

Ի՞նչպէս կը յաջողինք պատերազմը ֆիզիքականին մարզին մէջ չպահել, հապա հոգեւոր աղբիւրը գտնել: Ծառայութեան ճամբով:

(Ա.Թգ 14.1-15) Յովնաթանին Զէնք կրողը

Թագաւորին՝ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած պաշտօնեայ մը կ'ըլլայ, իր քաջութեանը համար: Ոչ միայն զէնքերը կրելու համար կ'ընտրէին, հապա վտանգաւոր ժամանակներուն անոնց կողքին կ'ըլլային (Դտ 9.54, Ա.Թգ 14.7, 16.21, 31.6):

(Ա.Թգ 14.1, 6-7,13-15) Շատերուն համար զէնք կրողը յետին մէկն է, բայց ատիկա սխալ է եւ բարձրանալը մրցումով ձեռք բերելու նշան:

Զէնք կրողը պատերազմի պահը գիտցողն է, ընելիքը գիտէ որովհետեւ հնազանդ է: Ան գիտակից է իր պաշտօնին եւ ընդունած է նուիրումով: Իր կամքը փնտռող չէ հապա առաքելութեան եւ տեսիլքին պէտքը:

Զինք միշտ պատրաստ կը տեսնես իր ընելքին վրայ եւ ոչ թէ ուզածը իրականացնելու վրայ: Իր ուզածը իրականացնելը իր ընդունած պաշտօնը կ'ըլլայ:

Զէնք կրողը բեռնակիր չէ: Նոր կտակարանին մէջ Աստուծոյ զէնքերը իր վրայ կրողն է (Եփ 6.10-18): Ան Աստուծոյ զէնքերը կը շալկէ երբ կը ծառայէ:

Ծառայութեան ատեն միշտ զէնքեր կրողներ պէտք է ունենալ եկեղեցիէն ներս:

Նախորդ Հրապարակում Բանալիներ Դպրոցական Յաջողութեան Համար
Յաջորդ Հրապարակում Արդարը Իր Հաւատքովը Պիտի Փրկուի (Հռոմայեցիս 1.17)