Տաճարը զԱստուած պաշտելու վայրն է:

  • (Եզ 42.1,3) Նկարագրուած տաճարին մէջ խուցեր կային, ուր հանդիսաւոր եւ պաշտօնական այցելութիւններէն դուրս, ծայաողները իրենց սիրտի սենեակները պիտի մտնէին եւ կարդային, խոկային եւ Տիրոջ հետ իրենց մտերմութիւնը զօրացնէին (Մտ 6.6):
    Ներքին գաւիթին սենեակները թէեւ անձնական էին, բայց տաճարին ու սրբարանին մօտ ըլլալով՝ բոլորին տեսանելի էին (Եզ 42.3-5):
    Այս սենեակները մեզի կը սորվեցնեն, թէ համայնական աստուածպաշտութիւնը անձնականէն աւելի պէտք է սիրենք: Ինչքան Աստուծոյ մօտենանք, այնքան պէտք է յանձն առնենք ծառայութեան պատիւը եւ մեր ներքին սենեակներուն մէջ մեր անձերը պատրաստենք՝ ժողովուրդին ծառայելու համար:
  • (Եզ 42.4) Սենեակներուն առջեւ կար ճեմելու լայն բաժին մը, որպէսզի ճեմելու միջոցին հիւրերը իրարու հանդիպելով իրենց փորձառութիւնները բաժնեկցէին:
    Թէեւ եկեղեցին եւ ծածուկ սենեակները լաւ բաներ կը սորվեցնեն, բայց մեր ամբողջ ժամանակը հոն պէտք չէ անցընենք, որովհետեւ մարդը ստեղծուեցաւ ընկերութեան եւ հաղորդկացութեան համար:
  • (Եզ 42.13) Հիւսիսային ու հարաւային կողմի սենեակները, որոնք քահանաներուն յատկացուած էին, Աստուծոյ գործին համար պատրաստուելու տրամադրուած սենեակներ էին:
    Սուրբ կերակուրները Աստուծոյ կողմէ տրուած հոգեւոր սնունդին օրինակն են, այսինքն՝ օրինակ են խոկումներու, ընթերցումի եւ հոգեւոր զարգացման միջոցին ձեռք բերուած չափահասութեան (Եփ 4.11-13: Բ.Տմ 3.15-16), չափահասութիւն մը, որ կը վերաբերի մեղքէ եւ խիղճը ծանրացնող յանցանքներէ հեռու մնալուն (Եբր 10.22):
  • (Եզ 42.14) Ծառայողներուն զգեստները օրինակ են օծութեան:
    Երբ ծառայողները օծութեան տակ են, անոնք չեն կրնար դուրսը եղող ժողովուրդին խառնուիլ: Օծութեան տակ եղող ծառայողը պէտք չէ իր վիճակէն կամ տեղէն դուրս ելլէ իսկ ելլելու պարագային, պէտք չէ աշխարհային վարմունք ունենայ, այլ պէտք է իր պաշտօնին վերաբերող յատուկ օծութեամբ վարուի ժողովուրդին հետ մինչ անոնց հետ կ'ապրի կամ անոնց հետ շփում կ'ունենայ, որպէսզի այդպիսով դուրսը գտնուողները մարզէ եւ զանոնք Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտցնէ:
  • (Եզ 42.15-20) Կը նկատենք, որ նոր տաճարին չափերը հին տաճարին չափերէն մեծ են: Հին տաճարը աշխարհի թագաւորութեան մէջ կը գտնուէր, սակայն ընդհանրապէս իր կոչումը լքելով աշխարհին կը միանար: Աւետարանին տաճարը աշխարհի թագաւորութիւնը Քրիստոսի Թագաւորութեան մէջ պիտի ներառէ:
  • Նոր տաճարին մէջ բոլոր սուրբ ու անսուրբ բաները իրարմէ զատուած էին պարիսպներով:
    Հոգեւոր կեանքի ընթացքին, մէկ հանգրուանէն միւսին անցնելու համար պարիսպի կը հանդիպինք, իսկ դռներէն մտնելու միջոցին, դաստիարակութեան կ'ենթարկուինք:

Աստուծոյ խօսքին յանձնուի՛նք եւ քայլ առ քայլ նուիրուի՛նք:

Նախորդ Հրապարակում Յաղթական Մուտքը Ամսուն Տասին
Յաջորդ Հրապարակում Խոնարհութիւն