Նոր Կտարանի Պարգեւ

Լեզուներու պարգեւը Նոր Կտակարանին մէջ տրուած պարգեւ մըն է:
Հին Կտակարանին մէջ այս պարգեւը գոյութիւն չունէր, թէեւ խորհրդանշական եւ մարգարէական հետքեր կան (Ծն 10.5,20,21: Բ.Օր 28.49: Ես 28.11):

  • Լեզուներու պարգեւը միայն Նոր Կտակարանին մէջ յիշուելուն եւ տրուելուն պատճառը մարդուն հոգին կեանքի կոչուելուն պատճառով էր:
    • Հին Կտակարանին մէջ մարդուն հոգին մեռած՝ Աստուծմէ բաժնուած էր. մարդը չէր կրնար հոգիով աղօթել:
      • Ինչո՞ւ կը խօսինք ...
      • Ի՞նչպէս մեզի կ'օգնէ, որ խօսինք եւ օգտուինք
    • Տէր Յիսուս լեզուներով չէր խօսեր եւ խօսելու ալ կարիքը չունէր, որովհետեւ Ան անմեղ էր եւ կենդանի հոգի ունէր (հմմտ Ա.Պտ 3.18, 4.6), Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Հօր հետ միացած կ'ապրէր Իր կեանքը:
      • Ասիկա եւս փաստ մըն է, թէ լեզուներու պարգեւը մեր մարմինին եւ շունչին անհաւատութիւնը կրթող պարգեւ մըն է (հմմտ Ա.Կր 14.4):

Ի՞նչ կը Խօսիմ եւ Որո՞ւ Հետ

« 2 Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ *խորհուրդներ կը պատմէ» (Ա.Կր 14.2):

- Մարդոց հետ չի խօսիր, ուրեմն երկրաւոր լեզու չէ:
- Աստուծոյ հետ կը խօսի, հաւատքով ընդունուելիք պարգեւ մըն է:
- Ո՛չ ոք խօսողը կը հասկնայ (չհասկնալու պատճառով մերժելը՝ Աստուածաշունչին հակադրող արարք մըն է):
- Աստուած կը պարզէ, թէ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ:
- Իւրաքանչիւր բառ, որ կ'արտասանենք, Սուրբ Հոգիով հրաշք մըն է որ մեր շրթներէն դուրս կու գայ: Թէեւ այս պահուս չգիտնամ ինչ կը կատարուի, բայց ատիկա հրաշք մըն է եւ ծառայութիւն մը:

(3-4) « 3 Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար: 4 Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ’օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ *եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ: 5 Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ’ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի»

- Անձին շինութիւն կ'ընէ:

  • Մինչ լեզուներով կը խօսինք, կ'արտօնենք, որ Սուրբ Հոգին մեր ներսիդին՝ մեր զգացումներուն մէջ բերէ Իր փառաւոր նպատակը մեր կեանքերուն համար եւ մեզ պատրաստէ խօսելու, ապրելու, զգալու եւ ծառայելու մեր հոգիէն եկած հառաչանքներով եւ ո՛չ թէ սոսկ մեր գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ:
  • Լեզուներով խօսիլը կրնայ մեր կեանքին վրայ եւ մեր շրջապատին համար հրաշք արտասանել:

- (5) Երբ հաւատացեալը թարգմանութեան պարգեւը ստանայ, մարգարէութեան նման՝ եկեղեցիին օգուտին համար կը գործածուի. « 5 Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ’ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի»:

Գիտական փաստ՝ միտքը մարելու մասին

Ապա Սուրբ Հոգին Քեզի Աստուծոյ Զօրութիւնը եւ Սատանային Տկարութիւնը կը Ճանչցնէ:

  • Երիքովի անկումը (Յես 6.1-27):

Լեզուներ Յափշտակութեան Մէջ

Լեզուներու պարգեւը սովորական զգացումներէդ եւ անոնցմով կառավարուելու վիճակէն վեր, հաւատքով կիրարկուող պարգեւ մըն է, որ քու անձդ հոգեւորապէս ապրելու կը վարժեցնէ:
Վերեւ յիշուածներուն հետ համեմատելով, ասիկա յափշտակութեան վիճակ մը կը սեպուի, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգին քու միջոցաւդ կը խօսի եւ քեզ Աստուծոյ հետ մտերմութեան, ընկերութեան, զԱստուած ճանչնալու, Անոր ձայնը ճանչնալու եւ Անոր ճամբաները ճանչնալու կը վարժեցնէ, որպէսզի Սատանային դէմ դնելու միջոցին Տիրոջմով կանգնած ըլլալու փորձառութիւնը եւ առաջնորդութիւնը ունենաս:

Աստուածաշունչէն Օրինակներ

Ժողովուրդը՝ Բաբելոնի աշտարակին վրայ տիրող թագաւորէն ազատելու համար (Ծն 11.1-9) Տէրը լեզուներու միջոցաւ խառնակութիւն բերաւ եւ ժողովուրդը ազատեց Նեբրովթ թագաւորէն:

Աղաղակելով Խօսուելուն Պատճառները

Շատ անգամ մարդիկ Աստուծոյ խօսելովն անգամ չեն հասկնար կամ չեն ընդունիր, որովհետեւ Աստուծմէ եկող ազատութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն: Ուստի Աստուած մարդուն ազատութիւնը կրթելու համար՝ լեզուներու պարգեւով կը փորձէ անոր միտքը մարել եւ մարդը ճիշդ համոզումներու մէջ դնել (Թւ 22.12, 17-18, 21-30): Երբ հաւատքի միջոցաւ քու սխալիդ մասին գիտակցութիւն ունենաս եւ Սուրբ Հոգին ազատագրուելու փափաքիդ համաձայն, քեզի արգելք եղող բնաւորութիւնը դուրս հանելու օծութիւնը տայ, ինչպէս բարկացոտ մարդը ինքզինքը կը կորսնցնէ, դուն ալ ինքզինքէդ դուրս ելլելով կը սկսիս արտաբերել շատ մը օտար արտայայտութիւններ եւ վարմունքներ, որոնք ժամանակաւոր են:

Շնչառութիւնը Եւ Պարգեւին Ազդեցութիւնը Անձին Վրայ

  • Ներշնչումն ու արտաշնչումը բնա՛ւ օտար չեն մեզմէ կամ Սուրբ Հոգիին գործելակերպէն (Ծն 2.7: Յհ 20.22: Եզ 37.1-10: Սղ 147.18):
  • Շնչառութեան արագանալը նշան է Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:
  • Տառերու հնչումը կը կատարուի թոքերուն մէջ գտնուող օդը դուրս փչելով:

Իսկ լեզուներու պարագային՝ նոյնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիով:

Պարգեւը հաւատքով Առնելու եւ Կիրարկելու Կարեւորութիւնը

Պարգեւը իրմէ ակնկալուած գործը մէջդ կատարելու համար հաւատքիդ եօթը հանգրուններէն կ'անցնի.

- Օծութիւն, լեզուներու պարգեւ
- Զգացում, պրկում
- Վստահութիւն
- Արձակում, հոսանք
- Օրհնութիւն
- Սէր
- Ծառայութիւն

  • Լեզուներով աղօթելու միջոցին հաւատքով եւ վստահութեամբ կենալը կարեւոր է:
    - Սուրբ Հոգիին այս շինող պարգեւը (Ա. Կր 14.4) քու մէջդ կը դնէ Մխիթարութեան եօթը մասերը:

Շնորհքին պատմութիւնը Եկեղեցիէն ներս

150. Justin Martyr կ'ակնարկէ լեզուներու շնորհքին որպէս երեւոյթ մը՝ որ իր օրերուն գոյութիւն ունէր: Իր «Dialogue with Trypho» գիրքին մէջ կը գրէ՝ «Եթէ փաստ կ'ուզես, թէ Աստուծոյ Հոգին, որ քու ժողովուրդիդ հետ էր, ձեզ ձգեց եւ մեզի եկաւ, մեր հաւաքոյթներուն եկո՛ւր, եւ հոն պիտի տեսնես, թէ Ան դեւեր կը հանէ, հիւանդը կը բժշկէ, եւ թէ Ան ինչպէս լեզուներով կը խօսի եւ մարգարէութիւն կ'ընէ:»

200-էն առաջ. Iraneus, իր «Against Heresies» գիրքին մէջ կը խօսի անոնց մասին, որոնք «Հոգիին միջոցաւ բազմատեսակ լեզուներով կը խօսին»:

200. Tertullian կը ներկայացնէ «լեզուներուն մեկնաբանութիւնը» որպէս «նշան» մը, որ օրինակներով նկարագրուած է իր «Day Without any Difficulty» գիրքին մէջ:

300. Augustine of Hippo, Սաղմոս 32-ի բացատրականի մը մէջ, իրեն ժամանակակից երեւոյթի մը մասին կը խօսի, ակնարկելով անոնց որոնք «ցնծութեամբ կ'երգեն» (11-րդ համար), փառաբանելով զԱստուած ո՛չ թէ իրենց սեփական լեզուներով, այլ ձեւով մը, որ «վանկերու օրէնք»-էն անկախ է:

1100. Hildergand of Binger երգեց եւ խօսեցաւ լեզուներով: Իր հոգեւոր երգերը իրեն ժամանակակից մարդոց կողմէ նկարագրուած են որպէս «Հոգիով հանդես»:

1300. Moravian-ներուն մասին, զիրենք հալածողները կ'ըսէին, թէ անոնք լեզուներով կը խօսէին: John Roch, ժամանակակից գրող մը, կ'ըսէ, թէ Moravian-ները «ընդհանրապէս առանց կառոյցի, անհասկնալի լեզու» կը խօսէին, եւ թէ անոնք «նոյնիսկ գռեհկութեան սահմանը կ'անցնէին զանոնք որպէս իրենցմէ անկախ, անդիմադրելի Հոգիին հառաչանքները ներկայացնելով»:

1600. Ֆրանսացի մարգարէները. Camisard-ներն ալ ժամանակ մը անծանօթ լեզուներով խօսեցան՝ «Կը լսէի երկու սեռերէն անձիք», կը յիշէ James du Bois of Montpellier, «որ իրենց ապրումի պահերուն, որոշ բառեր կ'արտասանեն, որոնք ներկաներուն կողմէ որպէս օտար լեզու մը կը նկարագրուի»: Այս լեզուները երբեմն կը մեկնաբանուէին թարգմանութեան պարգեւով, ըստ du Bois-ի, լեզու խօսող անձին կողմէ:

1600. Առաջին Quaker-ներէն անձիք, ինչպէս Edward Burrough, կը նշէ, թէ օտար լեզուներ կը խօսուէին իրենց հաւաքոյթներուն ընթացքին .-«Նոր լեզուներ խօսեցանք, ինչպէս Տէրը մեզի խօսիլ կու տար, եւ Սուրբ Հոգին մեզ կ'առաջնորդէր»:

1800. Edward Irving եւ Կաթողիկէ Առաքելական Եկեղեցին. Edward Irving, առաջնորդ մը Սկովտիայի Եկեղեցիին, կնոջ մը մասին կը գրէ, թէ «երկար-երկար կը խօսէր, գերմարդկային զօրութեամբ, անծանօթ լեզուով մը, բոլոր լսողներուն զարմանք պատճառելով, իր անձը կառուցելով, եւ զԱստուած վայելելով:» Irving շարունակեց ըսելով.-«լեզուները կարեւոր միջոց են՝ անձին կառուցման համար, որքա՛ն ալ անհասկնալի թուին մեզի»:

Այսօր, լեզուներով աղօթելը բաւական տարածուած երեւոյթ է կեանքը Հոգիին առաջնորդութեան յանձնողներուն համար: Կ'աղօթենք որ Քրիստոսի մարմինը Հոգիին փաշխած շնորհքներով աճի, զօրանայ, որ աշխարհին լոյս ըլլայ: Ամէն:

Նախորդ Հրապարակում Բազմատեսակ Պարգեւներու Տնտեսներ
Յաջորդ Հրապարակում Լեզուներուն Փառքը