Դուն կանչուած ես փրկութեան, յաւիտենական կեանքի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ գործելու եւ զայն տարածելու:

Տէր Յիսուս Իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ կը պատրաստէ այդ գործին համար, մանաւանդ ներքնապէս: Մինչ ներքնապէս կը շինուինք, կը կրթուինք, կը զինուինք ու կը ծառայենք, հարազատ եւ ճիշդ պտուղ կը բերենք Թագաւորութեան համար:

Մեր կոչումը մեծ, սքանչելի, օրհնուած, սուրբ եւ անքննելի է Քրիստոսով, բայց չնչին պատճառներով կրնայ նպատակէն շեղիլ:

Նկատի առնենք Յակոբոս առաքեալի նամակին 3.4-6-ին մէջ յիշուածը. «Ահա նաւերն ալ որչա՜փ մեծ բաներ են եւ սաստիկ հովերէն կը քշուին, բայց շատ փոքր ղեկով մը կը կառավարուին՝ ղեկավարին կամքը ո՛ր կողմը որ ուզէ»: Այսպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց մեծ բաներ կը խօսի: Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ: Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը […]:

Ո՛վ Աստուծոյ ժողովուրդ եւ ծառաներ, բնաւ պատահա՞ծ է, որ վախնաք, որ փոքր ղեկ մը, այսինքն՝ նկարագրային, բնաւորութեան կէտ մը կամ այլ բան մը ձեր կեանքի նաւակին ղեկը շեղէ եւ Թագաւորութեան նպատակէն հեռու տանի ձեզ:

Պետրոս Առաքեալ

  1. Սրբագրուեցաւ Տիրոջ կողմէ:
  2. Մենք ալ պէտք ունինք սրբագրուելու (հմմտ Ա.Կր 14.24-25):
  3. Աշակերտներուն մէջ լաւագոյններէն նկատուած էր: ա. Միշտ պատրաստակամն էր: բ. Շատերուն համար, հաւատքի օրինակ էր: գ. Թէեւ ընտրուած էր եւ Յիսուսի առաջին երեք մօտիկներէն էր, բայց Տէրը շատ անգամ ճշդումներ կ'ընէր անոր, որպէսզի ան աւելի լաւ ծառայէր Թագաւորութեան մակարդակին մէջ:
  4. Ինքզինք իր հաւատակիցներէն աւելի լաւ սեպած եղաւ երբ ըսաւ. «[...] Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ» (Մտ 26.33):
  5. Ներքին «ղեկ»ի մը շարժուելուն պատճառով Պետրոս ուրացաւ Յիսուսը երեք անգամ, թէեւ շատ հաստատակամօրէն կը խոստանար, թէ պիտի չուրանար:
  6. Պետրոս վերականգնուեցաւ եւ սրբագրուեցաւ յատուկ ձեւով մը Տիրոջ կողմէ, որովհետեւ թէեւ մարմինը տկար էր եւ թերութիւններ ունէր, բայց անոր սիրտը սրբագրուելու յօժար էր:

Պետրոս Յօժար էր

Պետրոս յօժար էր, բայց չէր ըմբռնած, թէ իր յօժարութիւնը բաւարար զօրութիւն չունէր զինք ազատելու Չարէն, աշխարհէն եկող փորձութիւններէն եւ ուրանալ տուող մարդկային ներքին տկար վիճակներէն:

Հաւատացեալներ շատ առիթներով կը բաւարարուին ըսելով՝ «Հաւատացեալ եմ, յօժար եմ, ծառայող եմ, լեցուն զոհողութիւններ ըրած եմ եւ կ'ընեմ...», եւ այդ պատճառով պէտք չեն զգար ներքնապէս փոխուելու, սրբագրուելու ու իրենց կենցաղը շտկելու:

զԱստուած Սիրելը

Յաջողութեան միջոց է:

Ըստ Տէր Յիսուսի առաջարկին, զԱստուած աւելի քան մարդիկը սիրելը նշան եւ միջոց է յաջող կերպով գառները արածելու:

Սրբագրելու եւ Բժշկելու Ձեւը

(Հմր 15) «[…] Զիս անոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»:

Սիրես=«Աղա՛բի» եւ ոչ «ֆիլէ՛օ»

Այս հատուածին մէջ, Տիրոջ կողմէ գործածուած բառերը կը ներկայացնեն Պետրոսը վերականգնելու համար Անոր ունեցած մեծ փափաքը:

«Սիրես» բառը յունարէնով «աղա՛բի» բառն է, որ ակնարկութիւն է անսակարկ սիրոյ: Տէր Յիսուս կը քաջալերէր, որ Պետրոս այդպիսի սիրով զԻնք սիրելու հասնէր:

Պետրոս պատասխանեց, ըսելով. «կը սիրեմ» ՝ գործածելով «ֆիլէ՛օ» բառը, որ յունարէնով կը նշանակէր բարեկամային սէր:

  • «Բիմէ՛նօ» =Կերակրել
  • «Վո՛սքօ» =Խնամել, հոգալ, հսկել

( Հմր 17) «Կը սիրե՞ս» = «Ֆիլէօ» =Բարեկամային սէր

Յիսուս «սէր» բառին տարբերակներով չէր փորձեր շուարեցնել Պետրոսը, հապա կը փափաքէր, որ Պետրոս սիրէր անսակարկ եւ ամէն բանէ վեր սիրով մը, որպէսզի յաջողէր ծառայել Թագաւորութեան մէջ, եւ ոչ թէ սովորական բարեկամային սիրով մը, զոր Տէրը չ'անտեսեր բնաւ, բայց զայն կը նկատէ յարաբերական սէր մը:

(Հմր 17) «Տրտմեցաւ» = «Լիբէ՛օ»

17-րդ համարին մէջ, երբ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով կը հարցնէ՝ «Կը սիրե՞ս զիս», Պետրոս կը տրտմի: «Տրտմիլ»՝ յունարէնով՝ «լուբէ՛օ», կը նշանակէ.

  1. Ցաւ, ցաւազգաց ընել (make sorry), ցաւազգաց ըլլալ (be sorry)
  2. Ցաւի մէջ նետել, մտցնել
  3. Անհանգիստ ընել

Պետրոս Բժշկուեցաւ

  1. Անդրադառնալով
    • Կը հաւատամ, որ Պետրոս՝ ըստ այս հատուածին, անդրադարձում ունեցաւ եւ ներքնապէս բժշկուեցաւ:
  1. Շատ անգամ ճշմարտութեան առջեւ ցաւ զգալը գէշ կամ թշնամական չէ: Իրականութեան մէջ, անիկա կրնայ տանիլ դէպի բժշկութիւն եւ մեր կոչումին մէջ մեզ հաստատ կը կեցնէ, ինչպէս եղաւ Պետրոսի պարագային (Կարդա՛ Բ.Կր 7.10):
Նախորդ Հրապարակում Ժամանակն է (Յովհաննու 21.1-14)
Յաջորդ Հրապարակում Վերարթնութեան Տանող Ծնունդը