«Ի՞նչ է անունդ: - Անունս Լէգէոն է,- պատասխանեց,- որովհետեւ շատ ենք» (Մր 5.9):
Գերգեսայի դիւահարը խումբ մը դեւերէ կը տանջուէր: «Լէգէոն» բառը կը գործածուէր Հռոմէական բանակին 3000 հոգինոց խումբերը ներկայացնելու համար:
Գերգեսայի դիւահարին մէջ միայն մէկ դեւ չկար, հապա խումբ մը միասին գործող դեւեր կային:

Չար ոգիներու խումբերը կ'իրականացնեն Սատանային ծրագիրները: Անոնք միասին կ'աշխատին եւ իւրաքանչիւր չար գործի մէջ կը գտնենք խառնուած դեւերու ցանց մը:

Ի՞նչ են տասը ճանչցուած դիւային խմբակները:
Ի՞նչպէս դեւերը կ'օգնեն զիրար գործը ամբողջացնելու համար:

Ի՞նչպէս կարելի է յատնութիւն ունենալ պիղծ ոգիներու խումբին մասին եւ «սուտի հօր» մասին, որ կը փորձէ խաբել ամբողջ աշխարհը (Յհ 8.44: Յյտ 12.9): Յայտնութենէն ե՛տք է որ կրնանք յաղթել անոր:

Նախորդ Հրապարակում Ընկճուածութիւնն ու Նախատինքը Արդիւնք Են Դիւային Աշխատանքի
Յաջորդ Հրապարակում Դեւերը Բնակավայր Կը Փնտռեն