Խօսքը հաւատքով ընդունիլ կը նշանակէ ընդունիլ Աստուծոյ Որդին՝ «Լոկոս»-ը: Երբ խօսքը կ'ընդունինք ճիշդ այնպէս ինչպէս որ գրուած է, ա՛յն ատեն է որ Յիսուսը ընդունած կ'ըլլանք: Խօսքը ընդունելով, կը ստանանց Աստուծոյ զօրութիւնը, այսինքն Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը, որ վստահութիւնը կը ներշնչէ հոգեւոր ինքնութիւնը ապրելու (Ա. Թս 1.5):

Եբրայեցիներուն ղրկուած նամակը ուղղուած էր Քրիստոնէական խմբակի մը, որ հալածանքներու դիմաց Քրիստոնէական իր հաւատքէն շեղելու վտանգին մէջ էր: Հեղինակը կ'ուզէր մղել որ հալածանքներուն դիմաց տկարանալով չյանձնուին թշնամիին, որովհետեւ Քրիստոսի միացած մնալով՝ հաւատացեալը յաղթութիւն ունի:

Հեղինակը կը յայտնէ, թէ Քրիստոս Աստուծոյ ճշմարիտ եւ վերջնական յայտնութիւնն է (Եբր 1.2): Ան Աստուծոյ պահանջած զոհն է, որ իր չարչարանքներուն միջոցաւ եւ անձին պատարագումովը միանագամընդմիշտ կատարեց Աստուծոյ կողմէ պահանջուած զոհը:

Հաւատքով Քրիստոսի Միանալը՝

  • (Եբր 2.14: Ա.Յհ 3.8) Սատանան եւ գործերը կ'ոչնչացնէ,
  • (Եփ 2.13-15) Աստուծոյ հետ կը հաշտեցնէ,
  • (Եփ 2.19) Երկնաքաղաքացի կ'ընէ,
  • (Եփ 2.18) Սուրբ Հոգիով Աստուծոյ ներկայութեան կը կեցնէ,
  • (Եփ 2.22) Սուրբ Հոգիով Աստուծոյ բնակարան կը դարձնէ,
  • (Եբր 9.14-17) Յաւիտենական փրկութիւն կը խոստանայ:

Միութիւնը Քրիստոսի հետ մէկ կը դարձնէ (Յհ 15.4) եւ խնդրանքները Հօրմէն ստանալը կարելի կը դարձնէ (Յհ 15.7): Միութիւնը մեզի Աստուծոյ բարեկամը կ'ընէ:

Երբ այս ճշմարտութիւններուն համաձայն մեր հաւատքը ամուր կը պահենք, կը սկսինք վայելելու այն բարիքները, զորս Աստուած խոստացաւ, եւ կը ստանանք այն ինչ որ մարդկային ձեւով առնել կարելի չէ:

Նախորդ Հրապարակում Ուսուցում Աղօթքի Մասին - 3 (Մատթէոս 6.5-15)
Յաջորդ Հրապարակում Ուսուցում Ծոմապահութեան Շուրջ (Մատթէոս 6.16-18)