Մեր «Օրհնողնե՞ր թէ՝ Շինողներ» տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի Պոսթոն, ուր Պատուելի Գէորգի հետ միասին եկեղեցին ապրեցաւ գեղեցիկ պահեր՝ պաշտամունքի, աղօթքի, ուսուցումի եւ ընկերութեան մէջ, երեք օրհնեալ օրերու ընթացքին։
Ինչ մե՛ծ ուրախութիւն էր նաեւ տօնել մէկ մկրտութիւն՝ համագումարի ընթացքին։
Պատուելի Գէորգ Պոսթոնի մէջ նաեւ առաջնորդեց մի քանի յատուկ պաշտամունքի ծառայութիւններ։
Յատուկ շնորհակալութիւն Հովիւ Արտաւազդ Մուրատեանին, Հայաստանի Մեծամօրի Եկեղեցիէն, որ մեզի հետ ծառայեց եւ մեզ առաջնորդեց պաշտամունքի մէջ։
Դիտեցէք «Ո՞ւր Կ'ապրինք Հոգեպէս կ՚ Որոշէ Թէ Ի՛նչ Կը Հոսի Մեր Միջոցաւ» քարոզը հոս։
Շնորհակալ ենք Տիրոջ մեր Պոսթոնի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ անցուցած այս օրհնեալ ժամանակին համար։
Փա՜ռք Աստուծոյ ամէն բանի համար։


.jpg)





