Ի՜նչ յատուկ ժամանակ մըն էր մեր Հայաստանի ճամբորդութիւնը՝ լեցուն ծառայութեամբ, ընկերութեամբ ու սիրով։
Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն էր «Օրհնողնե՞ր թէ՝ Շինողներ» համագումարը եւ մի քանի ուրիշ յատուկ ծառայութիւններ բաժնելը Հայաստանի Կեանքի Աղբիւր Եհեղեցւոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ։
Մենք նաեւ մասնակցեցանք մեր տարեկան 3-օրեայ Մանկական Ճամբարին, որուն ընթացքին տարբեր շրջաններէ եկած երեխաներ քով քովի եկան եւ Քրիստոսի սէրը վայելեցին։
Պատուելի Գէորգ նաեւ Երեւանի «Արթնութեան Կամուրջ» Եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդեց բժշկութեան յատուկ ծառայութիւն մը։
Շնորհակալ ենք Տիրոջ՝ մեզի տուած իւրաքանչիւր առիթին համար՝ ծառայելու եւ Իր սէրը բաժնեկցելու։
Փա՜ռք Աստուծոյ ամէն բանի համար։



