20 Օգոստոսէն 06 Սեպտեմբեր 2012-ին, եկեղեցւոյ հովիւը առաքելութեամբ ճամբորդեց Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա:

Տէրը հաւատարիմ է եւ անգամ մը եւս իր սէրն ու զօրութիւնը ցոյց տուաւ իր ժողովուրդը օրհնելով ու բժշկելով, մարմինի զանազան բաժիններու վրայ: Շատեր վկայեցին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, հովիւը ծառայեց երկու եկեղեցիներու մէջ՝ Armenian Fellowship եւ Սուրբ Երրորդութեան Հայոց Եկեղեցին:

  • Տալիէլա TMJ ունէր, այսինքն Temporomandibular Joint Disorder , որ յօդերու  վերաբերող հարց մընէ: Ան իր կզակը լման բանալ չէր կրնար, բայց Տէրը բժշկեց զինք:
  • Իշխանուհի վկայեց գլխու բժշկութեան համար:
  • Ատիկ կրծքավանդակի բժշկութիւն ստացաւ: Ան կը վկայէ թէ գիտութեան խօսքը յայտարարուելէն ետք, զգացած է որ իր կոտրած ոսկորը ետ իր տեղը կու գայ:
  • Դաւիթ հարց ունէր իր ոտքին վրայ, բայց Տէրը բժշկեց զինք:
  • Էլիզայի արեան ճնշումը բարձր էր, բայց ան կը վկայէ թէ Տիրոջ հպումէն ետք, ամէն բան բնական դարձած է:

Հովիւը նաեւ ծառայեց Գանատայի Church of the Harvest-եկեղեցիին մէջ:

  • Էվլին բժշկուեցաւ իր յետոյքի մկանի ցաւէն:
  • Ներկաներէն մէկը մկանային պրկում ունէր, բայց Տիրոջ հպումէն ետք այդ պրկումը անցաւ:
  • Միշէլին բժշկուեցաւ իր գլուխէն մինչեւ թեւերը հասնող ցաւէն:
  • Էտի ցաւ ունէր իր լեարդի բաժինին վրայ, բայց Տէրը բժշկեց զինք:
  • Տէրը նաեւ բժշկեց Րօզանայի ուսը:

Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, երբ բորոտ մը աղաչելով մօտեցաւ Անոր, Յիսուս գթաց. Դպաւ անոր եւ ըսաւ՝ «Կ'ուզեմ, մաքրուէ՛» (Մր 1.40-42):

Այսօր, Իր փափաքն ու սէրը նո՛յնն են եւ Ան տակաւին կ'ուզէ իր հպումով իր ժողովուրդը դարձնել ամբողջ ու կատարեալ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք  Անոր բարիքներուն եւ բժշկութիւններուն համար, եւ  շատ աւելին կ'ակնկալենք, որպէսզի մեր առաքելութեան միջոցաւ ամբողջ աշխարհ գիտնայ թէ «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն  է միշտ – երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8, ՆԹ):

Նախորդ Հրապարակում Ան Անդամալոյծ Պէտք էր Ըլլար, Բայց...
Յաջորդ Հրապարակում Կուրծքի Վանդակի Ոսկորի Կոտրուածք Մը Անմիջապէս Վերականգնեցաւ