Դեկտեմբեր 13-ը յատուկ օր էր: Մեր եղբայրը՝ Արա Պալճեան նշանակուեցաւ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին հոգեւոր հովիւ: Արան պատկառելի եւ ջանասէր ծառայ է. ան իր կնոջ՝ Քարոլինին աջակցութեամբ պատասխանատու է եկեղեցւոյ Պուրճ Համուտի ծառայութեան:

Արան եւ Քարոլինը ունին Աւետարանը քարոզելու եւ Յիսուսի սէրը ուրիշներու հետ բաժնեկցելու վառած սիրտ մը: Անոնց կեանքը Աստուծոյ բարութեան եւ հաւատարմութեան գեղեցիկ մէկ վկայութիւնն է: Անոնք չեն փախցներ կարիքաւորներուն օգնելու եւ հոգ տանելու որեւէ առիթ, միշտ պատրաստ են հաւատարմօրէն ուրիշներու ծառայելու եւ երբեք չեն յոգնիր:

Թող մեր Տէր Յիսուսը օրհնէ եւ բարձրացնէ զիրենք իրենց ծառայութեան մէջ:

Նախորդ Հրապարակում Ջուրի Մկրտութիւն Հայաստանի մէջ
Յաջորդ Հրապարակում Մանուկներու Սուրբ Ծննդեան Ձեռնարկը Գետամէջի մէջ