17-էն 19 Օգոստոս 2018-ին տեղի ունեցաւ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի Պոսթընի առաջին համագումարը, որուն կեդրոնացումն էր՝ հոգեւոր աճ եւ Աստուծոյ հետ մտերմութիւն։ 
Վերապատուելի Գեւորգ Չափարեանը, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Հիմնադիր եւ Աւագ Հովիւը, հետեւեալ կեանք փոխող ուսուցումներու շարքը փոխանցեց։

  1. Մեր ինքնութիւնը Քրիստոսով
  2. Ինչ է Աստուծմով կերտուած նկարագիրը
  3. Իսկական ազատութիւնը եւ Քրիստոսի հետ ուխտը ապրիլ 
  4. Ինչու եւ ինչպէս կ՚աղօթենք
  5. Ինչպէս գործակցիլ Աստուծոյ հետ իր թագաւորութիւնը երկրի վրայ յառաջ տանելու համար
  6. Ինչպէս Սուրբ Հոգիին պարգեւները մեր կեանքերէն ներս գործի լծել

Վերապատուելի Րաֆաէլ Նաժըմը, «Քոմիունիթի Քրիսչըն Ֆելոշիփ»ի աւագ հովիւը, միացաւ մեզի եւ խօսեցաւ Աստուծոյ մարդը ստեղծելուն նպատակին եւ Աստուծոյ հետ մտերմութիւն հաստատելուն կարեւորութեան մասին։ 

Մեծ ուրախութեամբ տօնեցինք 7 հոգիներու ջուրի մկրտութիւնը։ 

Տիրոջ հետ ունեցանք զօրութեամբ լեցուն հանդիպումներ, որոնց ընթացքին օծութիւնը շատ զգալի էր եւ կեանքեր փոխուեցան։

Արդեն անհամբեր կը սպասենք գալ տարուան համագումարին։

Նախորդ Հրապարակում Տարեկան Համագումար 2018
Յաջորդ Հրապարակում Պատանեկան Համագումար 2018