Սիրելիներ, Օգոստոս 3, 4 եւ 5-ին պիտի ունենանք մեր տարեկան համագումարը: Օգոստոս 3, ժամը 4-ին պիտի ըլլանք համագումարին վայրը, բացման պահը պիտի սկսի ժամը 5-ին:

Այս տարուան համագումարին նիւթերն են.

  1. Մեր Նկարագիրին Կարեւորութիւնը
  2. Կոտրուած Նկարագիրներ Բժշկելը
  3. Ժամանակը Ծրագրելու Զօրութիւնը
  4. Քու Աստուածդ Պաշտէ
  5. Անոր Շունչը մեր մէջ

Նկատի ունենալով համագումարի կարեւորութիւնը եւ լման ժամանակով հոն չլլալուն ժխտական ազդեցութիւնները, այս տարի եկեղեցին որոշեց, որ հոն մնալ եւ քնանալը պարտադիր է,  քանի որ կը ծառայէ բոլորին հոգեւոր օգուտին:

Արձանագրութեան վերջնաժամկէտ՝ Յուլիս 15:

Նախորդ Հրապարակում Երկօրեայ Սեմինար Ռիչըրտ Շարփի հետ
Յաջորդ Հրապարակում Տոքթ. Թորգոմ Կարապետեանին Ձեռնադրութիւնը