Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2013-ին Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ անդամներէն 35 հոգիներէ բաղկացած խումբ մը ծառայողներ ուղղուեցան դէպի Պեքաա՝ ծառայելու համար Սուրիայէն փախած եւ այդ շրջանին մէջ ապաստանած արաբ պէտէուիներուն:

Ծառայութիւնը սկսաւ փառաբանութեամբ, որուն յաջորդեց կարճ քարոզ մը, որ տրուեցաւ Պատուելի Գէորգին կողմէ: Պատուելին ըսաւ, թէ այս ծառայութեան գլխաւոր նպատակը Քրիստոսի սէրը, որ մենք փորձարաբար ապրեցանք մեր կեանքերուն մէջ, ուրիշներու փոխանցել է:

Քարոզը աւարտեցաւ աղօթքի ծառայութեամբ, որուն ընթացքին կին մը բժշկուեցաւ:

Այս հաւաքին աւարտը սկիզբն էր բազմաթիւ ծառայութիւններու, որոնք տեղի կ'ունենային միեւնոյն ժամանակ:

50 ընտանիքներ ստացան ուտեստեղենի եւ մաքրութեան դեղերու ծրարներ:

80 ընտանիքներ (միջին հաշուով 5 հոգիէ բաղկացած) բժշկական քննութեան ենթարկուեցան եւ ձրիաբար դեղեր ստացան մեր երկու կամաւոր բժիշկներուն կողմէ:

Մինչ բժիշկները կը քննէին հիւանդները, ծառայողներու խումբին մնացեալ անդամները Աստուծոյ սէրը եւ Յիսուսի պատգամը կը փոխանցէին ուրիշներու զանազան ձեւերով:

Ոմանք գնդակ խաղցան երեխաներուն հետ, ուրիշներ կիթար նուագել սորվեցուցին անոնց եւ անոնց հետ փառաբանութեան երգեր երգեցին:

Ծառայողներու խումբին պատկանող կիները մտիկ ըրին մայրերու ցաւերը, քաջալերեցին յուսախաբուած աղջիկները, աղօթեցին ներքին վէրքեր ունեցողներուն եւ յուսահատներուն համար, եւ ոմանց առաջնորդեցին Քրիստոսի:

Այդ միջոցին, ծառայող խումբին այրերը բարեկամական կապեր հաստատեցին գաղթական պէտէուիներուն հետ: Աղօթեցին պատերազմի մէջ սիրելիներ կորսնցուցած տղամարդոց հետ, իսկ ուրիշներու հետ Աւետարանին յոյսը բաժնեկցեցան:

Ծառայութիւնը տեւեց առտուան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30: 7 ժամ տեւող այս ծառայութիւնը իրմէ ակնկալուած թանկագին պտուղը տուաւ:

Ժողովուրդը ինք վկայեց ըսելով. «Դուք մեզի յոյս տուիք», «շնորհակալ ենք, որ ձեր բոլոր խոստումները պահեցիք» եւ «ձեր այցելութիւնը ուրախութիւն բերաւ մեր ճամպարին, մեր ուշադրութիւնը շեղեց մեր ցաւէն եւ տառապանքէն»:

Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի եւ Առաքելութեան ծառայութեան խումբը վերադարձաւ իր սիրտին մէջ ունենալով մեծ ուրախութիւն՝ Քրիստոսի սէրը գործնական ձեւով բաժնեկցելու առիթը ունենալուն համար եւ ապագայ հերթական այցելութիւններու յոյսով:

Նախորդ Հրապարակում Ծառայութիւն Միացիալ Նահանգներու Մէջ 2013
Յաջորդ Հրապարակում Ծառայութիւն Հայաստանի մէջ՝ Մայիս եւ Յուլիս 2013