Այս տարի Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մանկապատանիները անմոռանալի չորսօրեայ համագումար մը ունեցան, որուն ընթացքին անոնք սորվեցան Երկինքի Թագաւորութեան մասին եւ երկրպագութեան եւ աղօթքի միջոցաւ Երկինքի Թագաւորին՝ Յիսուսի հետ հանդիպում ունեցան:

Համագումարը լեցուն էր զուարճալի միջոցառումներով եւ խաղերով, որոնց միջոցաւ մանկապատանիները իրարու հետ յարաբերութիւններ հաստատեցին, անոնք սորվեցան ի՛նչպէս ուրիշներու հետ համագործակցիլ, ցոյց տուին իրենց ձիրքերը եւ անշուշտ շատ հաճելի ժամանակ անցուցին:

Մեզի համար մեծ պատիւ եւ առանձնաշնորհում է տեսնել նոր սերունդը կը մեծնայ եւ կը մարզուի ջերմօրէն սիրելու Աստուծոյ սիրտն ու ճամբաները առանց զիչումի: Փա՛ռք ըլլայ Աստուծոյ: Ամէ՛ն:

Նախորդ Հրապարակում Պատանեկան Համագումար 2019
Յաջորդ Հրապարակում Պատանեկան Համագումար 2019