Տիրոջ ուրախութիւնը ա՛յնպէս կը շարժէ Իր զաւակներուն սիրտերը, որ անոնք կը լեցուին օրհնութեամբ՝ կարիքաւորներուն հասնելու համար:

Եւ ահա, մեծ ոգեւորութեամբ, մեր եկեղեցւոյ անդամները, 17 ամերիկացի հովիւներու եւ առաջնորդներու հետ միասին, նստեցան հանրակառքի մը մէջ եւ փառաբանութեան երգեր երգելով ուղղուեցան դէպի երեք տարբեր վայրեր՝ Պար-Իլիաս, Սաատնայէլ եւ Պաալպեք, ուր անոնք հաշմանդամներու եւ կարիքաւորներու հետ բաժնեկցեցան Քրիստոսի սէրը: Մենք աղօթեցինք անոնց հետ եւ անոնց բաժնեցինք 150 սննդեղէնի տուփեր, աւելի քան 600 վերմակ (ծածկոց) եւ 150 ձայնային Աստուածաշունչ:

Աստուած մեզ կը սիրէ անհաւատալի սիրով եւ Ան կ'ուզէ, որ մենք այդ սէրը ցոյց տանք ուրիշներուն:

Նախորդ Հրապարակում 10 Օրեր Մինչեւ Պենտէկոստէ
Յաջորդ Հրապարակում Մեր նոր երաժշտական հաւաքածոն արդէն իսկ հրապարակուեցաւ