19 եւ 20 Յունուար 2013-ին հովիւ Գէորգը ծառայեց Ալմէլոյի Good Seed Pentecostal Church եկեղեցիին մէջ: Ծառայութիւններուն ժամանակ, Տէրը գեղեցիկ ձեւով ցոյց տուաւ թէ ինչպէս ան գիտութեան խօսքով կը յայտնէ եւ նաեւ կը բժշկէ:

Լուսինէ իր ձախ ծունկին վրայ ցաւ ունէր, դարախային բորբոքումի հետեւանք: Ան կը վկայէ թէ Տէրը բժշկեց զինք:

Արմէն մի քանի օրէ ստամոքսի ցաւէ կը տառապէր բայց Տէրը անցուց իր ցաւը:

Տէրը յայտնեց ծառայողներէն մէկուն ծոծրակի ցաւին մասին եւ բժշկեց զինք:

3 հոգի կրնակի վրայ բժշկութիւն ստացաւ՝

  • Նարինէն
  • Էտոն, որ 5 ամիսէ ի վեր ցաւ ունէր եւ ատիկա իրեն շնչառութեան դժուարութիւն կը պատճառէր,
  • Եւ Շանթը՝ որ մէկ տարի ի վեր կը ցաւէր

Լուիզա 5 տարիէ ի վեր ցաւ ունէր իր ձեռքին եւ արմուկին վրայ, բայց այսօր ան ցաւ չունի:

Անուշիկ երկար ժամանակէ ի վեր աղիքի հարց ունէր: Ան կը վկայէ թէ ինչպէս ծառայութեան ժամանակ, տաքութիւն զգաց մարմինին վրայ եւ իր ցաւը անցաւ:

Տէրը մարմինի զանազան բաժիններու վրայ նաեւ ուրիշ բժշկութիւններ ալ կատարեց՝

  • Անուշ աչքի եւ գլուխի բաժինին վրայ ցաւ ունէր: Գիտութեան խօսքով բժշկութիւն յայտարաուելէն ետք, Անուշ տաքութիւն զգացած է եւ հիմա ցաւը անգած է:
  • Նուշիկ ցաւ ունէր իր բթամատի ոսկորին վրայ եւ Տէրը բժշկեց զինք:
  • Ներկաներէն մէկը թեւի վրայ բժշկութիւն ստացաւ:
  • Հայկ 5 տարիէ ի վեր ցաւ ունէր իր աջ ծունկին վրայ, բայց իր ցաւը անցաւ գիտութեան խօսքը հռչակուելէն անմիջապէս ետք:
  • Արայիկ եւս կզակին վրայ բժշկութիւն ստացաւ:
  • Նարա Կրծավանդակին վրայ զօրաւոր ցաւ ունէր եւ ծանրութիւն բայց ան բժշկութիւն ստացաւ:

Երեմիայ մարգարէութեան մէջ Տէրը իր ժողովուրդին կ'ըսէ՝«Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ» (Եր 30.17): Մենք այսօր Աստուծոյ այս խոստումն է որուն մասին կը վկայենք եւ մարմնացած մեր կեանքերէն ներս կը տեսնենք, շնորհիւ մեր Տիրոջ, որ մեզ սիրեց եւ իր կեանքը տուաւ մեզի համար:

Նախորդ Հրապարակում Ծառայութիւն Քանատայի Մէջ
Յաջորդ Հրապարակում Ծառայութիւն Միացիալ Նահանգներու Մէջ 2013