Ծաղկազարդի Կիրակիէն մինչեւ Զատիկ մենք անցանք երկրի վրայ Յիսուսի վերջին օրերուն ամենահզօր պահերէն:
Մենք տօնեցինք Անոր յաղթական մուտքը, մասնակցեցանք Անոր Վերջին Ընթրիքին, յիշեցինք Անոր զոհաբերական մահը եւ ուրախացանք Անոր փառաւոր յարութեամբ:

Սրտառուչ երգերու, յուզիչ թատրոններու, Աստուածաշունչի ընթերցումներու, եւ հոգին շարժող քարոզներու միջոցով, մենք ամէն օր կը յիշէինք Անոր սիրոյն խորութիւնը եւ մահուան դէմ կեանքին տարած յաղթանակը:

Ան յարութի՛ւն առաւ, եւ յոյսը կ'ապրի՛:

Կրնաք դիտել քարոզները.

Ծաղկազարդ՝

Վերջին Ընթրիքը՝

Աւագ Ուրբաթ՝

Յարութեան Կիրակի՝

Նախորդ Հրապարակում Զոյգերու Երեկոյ. Արմատաւորուած Սիրոյ եւ Յարգանքի մէջ
Յաջորդ Հրապարակում Երէց Թալինը Հովիւ Նշանակուեցաւ