Հոկտեմբեր 8 -ին և 9 -ին մեր եկեղեցին հիւրընկալեց եւ մասնակցեցաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան նուիրուած յատուկ վերապատրաստման դասընթացքներու, որ ներկայացուց Wycliffe Associates կազմակերպութիւնը:
Երեք տարբեր եկեղեցիներէ մասնակցեցան 17 մասնակիցներ, որոնք բոլորն ալ խիստ փափաք ունէին սորվելու ի՛նչպէս պատրաստել Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, որ պիտի ըլլայ ճշգրիտ թարգմանութիւնը  բնագիրին եւ հասկնալի` միջին ընթերցողին համար:
Վերապատրաստումը ներառեց գործնական աշխատանքներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները կիրառեցին իրենց սորված սկզբունքները` թարգմանելով աստուածաշնչական հատուածներ:

Նախորդ Հրապարակում Զուարճանք, Կերակուր եւ Ընկերութիւն Յիսուսի հետ
Յաջորդ Հրապարակում «Բաժնուած Աւետարանը»՝ Համագումար Եպիսկոպոս Ժոզեֆ Մաթթերային հետ