Շաբաթ, 07 Դեկտեմբեր 2019-ին, Կեանքի Աղբիւր եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ տիկիններու շատ գեղեցիկ միօրեայ սեմինար մը: Ներկայ էին 70-է աւելի կիներ:

Սեմինարին խորագիրն էր «Մոխիրէն՝ Փառք», որ հիմնուեցաւ Սու Գորըլի նոյն վերնագիրով գիրքին վրայ: Սեմինարը վարեցին Սու Գորըլը եւ իր խումբը:

Սու Գորըլին ծառայութեան կեդրոնացումն է օգնել կիներու, որ գիտակցին ու վերագտնեն իրենց գեղեցկութիւնը եւ արժէքը Տիրոջմով, ինչպէս նաեւ հասկնան Աստուծոյ իրենց հանդէպ ունեցած մեծ սէրը:

Այս ուղղութեամբ նիւթերն ու պահերը մեծ օրհնութիւն եղան բոլորին համար եւ մեծ ճեղքումներ տեղի ունեցան ներկաներուն կեանքերուն մէջ:

Նախորդ Հրապարակում Պատանեկան Համագումար 2019
Յաջորդ Հրապարակում Պարի Ծառայութեան Համագումար