Ինչքա՜ն զօրութիւն կայ  երբ քոյրեր միասին կ՛աղօթեն։

Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ քոյրերը շատ յիշատակելի երեկոյ մը անցուցին միասին, Ուրբաթ 24 Յունիսին. հիւր քարոզիչն էր Սու Գորլը, Միջազգային «Մոխիրէն Փառք»-ի հիմնադիրն ու տնօրէնը։

Իրապէս առանձնաշնորհում էր լսելը անոր «Մոխիրէն Փառք» վերնագրով պատգամը, որ մեզի համար մեծ քաջալերանք եղաւ։ Մեր ակնկալածէն շատ աւելին էր։ Իր վկայութիւնը ոչ միայն ներշնչող էր, բայց նաեւ պատճառ եղաւ շատերու ազատագրման՝ խղճահարութենէ, ամօթէ, եւ վախէ, սորվելով թէ ինչպէս ընդունինք եւ ըլլանք ան՝ որ Հայր Աստուած կանչած է մեզ ըլլալու։ Նաեւ սորվեցանք, թէ ինչքան որ կեդրոնանանք Քրիստոսով մեր ինքնութեան վրայ, ա՜յնքան մեր անցեալի փորձառութիւնները նշանակութիւն պիտի ստանան։

Նախորդ Հրապարակում Քայլարշաւ Պընթաէլ Վայրի Բնութեան Պահպանուած Տարածքին մէջ
Յաջորդ Հրապարակում Ամառային Մանկական Ճամբար Գետամեջում, 2022