Ի՜նչ օրհնեալ առաւօտ մը 💛
Մենք՝ ամէն տարիքի քոյրերով հաւաքուեցանք մեր նոր եկեղեցիի շէնքէն ներս՝ յատուկ նախաճաշի մը համար՝ վայելելով ընկերութիւն եւ առողջ կերակուր, որուն յաջորդեց սնունդի վերաբերեալ փոխադարձ հարց ու պատասխան, ուր քննարկեցինք բոլոր կիներուն համար կարեւոր նիւթեր՝ նախադաշտանային ախտանիշներ (PMS), դաշտանադադարը (menopause) եւ ոսկրաբարակութիւնը (osteoporosis):
Նաեւ օրհնուեցանք կարճ պատգամով մը, որ մեզի յիշեցուց Ժողովող 3.1-ը, որ կ'ըսէ. «Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի ժամանակը»: Գեղեցիկ յիշեցում մը, որ Աստուած ներկայ է եւ նպատակ ունի մեր կեանքին իւրաքանչիւր շրջանին մէջ:
Շնորհակալ ենք բոլոր կիներուն, որոնք միացան մեզի. դուք այս օրը իրապէս իւրայատուկ դարձուցիք:
Թող Աստուծոյ ըլլայ ամբողջ փառքը ✨
![]()







