24 Ապրիլին Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 104-ամեակը:

Բացման խօսքէն ետք, ներկաները դիտեցին վիտէօ մը՝ «Ես Ունիմ Երազ մը...» վերնագիրով, ուր մեր արտասահմանի դուստր եկեղեցիներու առաջնորդներ բաժնեկցեցան Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին համար իրենց ունեցած երազը՝ հռչակելով Աստուծոյ խոստումները եւ աղօթելով անոնց իրականացման համար:

Ապա եկեղեցւոյս Երիտասարդներու Խումբէն քանի մը հոգի ներկայացուցին այս առիթով Պոսթընի Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ առաջնորդներէն Կարօ եւ Գառնի Կարապետեաններուն կողմէ գրուած հեղինակային երգը՝ «Պիտ' Ապրիմ» վերնագիրով, որուն ընկերակցեցաւ մարգարէական պար մը՝ Թալին Էքիզեանի կողմէ եւ որ համադրուեցաւ բանաստեղծութեան մը հետ՝ գրուած եւ ներկայացուած Սիլվի Յովսէփեանի կողմէ:

Այդ ներշնչիչ ներկայացումէն ետք Սրբուկ Պազարպաշեան բաժնեկցեցաւ իր սիրտի խօսքը, եւ ձեռնարկը փակուեցաւ աղօթքով մը՝ Պատանիներու Խումբի հովիւ Վահէ Սարգիսի առաջնորդութեամբ:

Նախորդ Հրապարակում Աւագ Շաբաթ եւ Յարութեան Տօն (Ապրիլ 2019)
Յաջորդ Հրապարակում Զբօսախնճոյք (Փիքնիք) 2019