• Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
  • Վկայութիւնը միջոց մը եւ պատճառ մըն է ուխտը պահելը յիշեցնելու, օրէնքին համեմատ քալելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու (Սղ 78.10-11):
  • Ձեռնարկները Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր գործօն պարգեւները կը ներկայացնեն:
  • Համագումարը այն կամուրջն է, որ հաւատացեալը յաջորդ հանգրուան կ'անցնէ եւ անոր նպատակն է անդամը որպէս առաջնորդ պատրաստել:
  • Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն մէջ տարածելու:
Skip Navigation LinksԱյբ Էջ > Դպրոց > Վի.Այ.Էլ.

Վի.Այ.Էլ.

Vision International – Lebanon (VIL)

VIL-ը մասնաճիւղ մըն է Vision International Education Network-ի (VIEN), որ հաստատ-ւած է Քալիֆորնիա, Միացիալ Նահանգներուն մէջ: Ան խիստ աճող համաշխարհային քրիստոնէական դաստիարակչական կեդրոն մըն է որ ունի աւելի քան 4000 ճիւղեր հիմնուած 126 երկիրներու մէջ:

VIEN Աստուածաշունջի վրայ հիմնուած եւ Քրիստոսի վրայ կեդրոնացած միջազգային համալսարան մըն է, որուն միջոցաւ աշակերտները կ'ըլլան չափահաս նկարագիրի, միտքի եւ Քրիստոնէական հաւատքի տէր մարդիկ եւ կը պատրաստուին ապրելու ծառայութեան եւ ղեկաւարութեան կեանքը:

VIL-ի Տեսիլքը

VIL-ի Տեսիլքն է մարզել, վկայել եւ արձակել հաւատացեալները, Աւետարանը աշխարհին հասցնելու համար: Ինչպէս նաեւ ուսուցումներով զօրավիգ կանգնիլ տեղական եկեղեցիներու հովիւներուն անոնց բերած ազդեցութիւնը աւելցնելու, անոնց բեռը պակսեցնելու եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը շինելու համար:

VIL-ի Նպատակը

VIL-ի նպատակն է աշակերտել հաւատարիմ մարդիկ ծառայութեան ճամբուն մէջ, իւրաքանչիւր աշակերտ գերազանց դարձնել Տիրոջմով եւ հարուստ ու հոգեւոր պարունակութեամբ լեցուն աստուածաբանական ուսուցումներով մարզել մարդիկ ծառայութեան համար, պատրաստելով հովիւներ, պատերազմիկներ, աշխատողներ, նախաձեռնողներ եւ ուսուցիչներ ա՛յն գործին համար, որուն կանչուած են:

VIL-ի Նպատակակէտերը

VIL-ի նպատակակէտերն են ամբողջութեամբ յանձնուած ըլլալ Աստուծոյ Խօսքին իշխանութեան, մարզել պարզ մարդիկ՝ տեղական եկեղեցւոյ մէջ ղեկավարութեան համար եւ պատրաստել կանչուած աշակերտը՝ լման ժամանակով ծառայութեան համար:

Արուեստի Պաքալորիոս (Bachelor of Arts)

VIL կը հայթայթէ դասընթացքներ, որոնց աւարտին աշակերտը կը ստանայ BA վկայականը հետեւեալ ճիւղերու մէջ. Քրիստոնէական Դաստիարակչութիւն, Աստուածաբանութիւն, Ղեկաւարութիւն եւ Քրիստոնէական Խորհրդատուութիւն:

Կրթական Ծրագիրներ

VIL կ'ընդգրկէ 4 տարուան ծրագիր մը, որուն աւարտին աշակերտը կը ստանայ BA վկայականը 120 արժեկէտեր ամբողջացնելէ ետք: ISOM-ի առաջին հինգ եռամսեակները ամբողջացուցած աշակերտները կրնան ուղղակիօրէն միանալ VIL-ի երրորդ տարուան ծրագիրին:

Դասընթացքներու Նկարագրութիւն

Աշակերտները պիտի ամբողջացնեն մէկ դասընթացք ամէն ամիս եւ պիտի դասաւանդուին համաժողովներու միջոցաւ: Պիտի ամբողջացնեն պարտականութիւններ, որոնք կը տարբերին դասընթացքէ դասընթացք: Պարտականութիւնները կրնան ըլլալ ուսումնասիրութիւններ, կարճ հարցում-պատասխաններ, multiple-choice հարցարաններ, եկեղեցիէն դուրս ծառայութիւններ եւ կամ եկեղեցիէն ներս ծառայութիւններ: Իւրաքանչիւր դասընթացքի աւարտին, աշակերտները կը ստանան երեք արժեկէտ:

Մանրամասնութեան համար դիմել VIL-ի կեդրոն՝ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի, Սէսին հրապարակ, Աշրաֆիէ, Պէյրութ, Լիբանան: P. O. Box: 16-6071: Հեռաձայն՝ +961-1-210410: Ե-Նամակ՝ vil@solchurch.com