• Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
  • Վկայութիւնը միջոց մը եւ պատճառ մըն է ուխտը պահելը յիշեցնելու, օրէնքին համեմատ քալելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու (Սղ 78.10-11):
  • Ձեռնարկները Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր գործօն պարգեւները կը ներկայացնեն:
  • Համագումարը այն կամուրջն է, որ հաւատացեալը յաջորդ հանգրուան կ'անցնէ եւ անոր նպատակն է անդամը որպէս առաջնորդ պատրաստել:
  • Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն մէջ տարածելու:
Skip Navigation LinksԱյբ Էջ > Դպրոց > Ծառայութեան Դպրոց

Ծառայութեան Դպրոց

Նորադարձը ամրապնդելու եւ ապաշխարութեամբ իրեն փոխանցուած ամբողջ գանձը իրեն ճանչցնելու համար, Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի եւ Առաքելութիւնը նորադարձներուն կամ իր նորեկ անդամներուն կ'առաջարկէ չորս հանգրուաններէ բաղկացած դպրոցի մը հոգեւոր ճամբորդութիւնը:

Դաստիարակչական Ծրագիր

Ա. Նախապատրաստական

Նախապատրաստական եւ հոգեւոր արթնութեան վեց դասեր ստանալէ ետք, նորադարձներուն համար կը կազմակերպուի յատուկ համագումար մը՝ Տիրոջ հետ հանդիպումի մը համար:

Բ. Ծառայութեան Դպրոցի Ա. Հանգրուան

Համագումարէն ետք, անոնք կ'արձանագրուին Քրիստոնէական Հիմնական Գիտելիքներու Դասարանին, ուր կը ստանան Աստուածաշունչին, հոգեւոր պատերազմի, Սուրբ Հոգիի մկրտութեան, քրիստոնէավայել կերպով ապրելու եւ յաւիտենական կեանքի մասին դասեր:

Գ. Ծառայութեան Դպրոցի Բ. Հանգրուան՝ Ներքին Բժշկութիւն

Այս հանգրուանին աշակերտները կ'ունենան ներքին բժշկութեան յատուկ համագումար մը, ուր խորաթափանց ակնարկ մը կը նետեն իրենց ներաշխարին վրայ եւ իրենց բոլոր ներքին վէրքերը, տկարութիւններն ու թերութիւնները Տիրոջ առջեւ դնելով՝ կը ստանան հոգեկան եւ զգացական բժշկութիւն:

Համագումարէն ետք, աշակերտները կը ստանան ներքին բժշկութեան մասին աստուածաշնչական նիւթեր եւ կ'ամրապնդուին Քրիստոսով իրենց ունեցածներուն մէջ:

Դ. Ծառայութեան Դպրոցի Գ. Հանգրուան՝ Առաջնորդներու Դասարան

Հոս աշակերտները կը պատրաստուին իբրեւ խումբերու եւ եկեղեցիներու առաջնորդներ՝ ստանալով աստուածաշնչական եւ փորձառական յատուկ նիւթեր աւետարանչութեան, կազմակերպչական, աստուածաբանական եւ Քրիստոնէական ղեկավարութեան վերաբերեալ:

Այս հանգրուանը բաժնուած է երեք բաժիններու եւ ընդհանուր առմամբ կը բաղկանայ 36 դասերէ:

Ե. Ծառայութեան Դպրոցի Դ. Հանգրուան

Տակաւին ծրագրումի հանգրուանին մէջ է:

Ծառայութեան Դպրոցի Ընդհանուր Օրէնքներ

  1. Աշակերտը պարտի դիտել ամբողջ դասը (վիտէօ-ն), որպէսզի կարենայ ընել գրաւորը կամ անցնիլ յաջորդ դասին:
  2. Իւրաքանչիւր դասանիւթ ունի իր գրաւոր փորձը (կամ քննութիւնը), որուն համար աշակերտը կը ստանայ նիշի գնահատական մը:
  3. Հանգրուան մը յաջողութեամբ աւարտելու համար աշակերտը պէտք է հաւաքէ 60 եւ աւելի վեր միջին:
  4. Բոլոր հանգրուանները աւարտելէ ետք, աշակերտը կը ստանայ շնորհաւորական ե-նամակ մը, որուն մէջ նաեւ նշուած կ'ըլլան վկայականը ձեռք ձգելու մանրամասնութիւնները: