Այբ Էջ > Դպրոց
Դպրոց
Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի եւ Առաքելութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ հոգեւոր ուսման եւ դաստիարակութեան, տրուած ըլլալով, որ Տէր Յիսուս Մեծ Յանձնարարութեան մէջ կը պատուիրէ՝ «[…] Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք […]» (Մտ 28.19):
Սոյն պատուէրին հնազանդելով, Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ հոգեւոր որդիին Տիմոթէոսի կը թելադրէ, որ իր գիտցածները ուրիշներու փոխանցէ. «Եւ այն՝ ինչ որ սորվեցուցի բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան, նոյն բաները աւանդէ այնպիսի վստահելի մարդոց, որոնք կարող ըլլան ուրիշներու ալ սորվեցնել» (Բ.Տմ 2.2):
Դաստիարակչական մարզին մէջ մեր եկեղեցին ունի երեք գլխաւոր դպրոցներ՝ Ծառայութեան Դպրոցը, «Այ.Էս.Օ.Էմ.»ը եւ «Վի.Այ.Էլ.»ը, որոնց գլխաւոր տնօրէնն է եկեղեցւոյս հիմնադիր հովիւը, Վեր.Գէորգ Չափարեան:
Նշենք նաեւ, որ Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցի եւ Առաքելութիւնը շրջանային կեդրոնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած վերոնշեալ երկու համալսարաններուն՝ «Ծառայութեան Միջազգային Դպրոց»ի («Այ.Էս.Օ.Էմ.») եւ «Տեսիլք Միջազգային Կրթական Ցանցի» («Վի.Այ.Ի.Էն.»):
Այս երեք կրթական-դաստիարակչական ծրագիրներով եկեղեցիս կը նպատակադրէ մարզել բոլոր հաւատքի եկողները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած Քրիստոնէական առողջ եւ ճշմարիտ ուսուցումներով, որպէսզի մեզի փոխանցուած Քրիստոնէական աւանդը՝ Կեանքի եւ Ճշմարտութեան Խօսքն ու Ճամբան, կարենանք միասնաբար փոխանցել ուրիշներու ինչպէս նաեւ յաջորդ սերունդին: