• Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
  • Վկայութիւնը միջոց մը եւ պատճառ մըն է ուխտը պահելը յիշեցնելու, օրէնքին համեմատ քալելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու (Սղ 78.10-11):
  • Ձեռնարկները Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր գործօն պարգեւները կը ներկայացնեն:
  • Համագումարը այն կամուրջն է, որ հաւատացեալը յաջորդ հանգրուան կ'անցնէ եւ անոր նպատակն է անդամը որպէս առաջնորդ պատրաստել:
  • Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն մէջ տարածելու:
Skip Navigation LinksԱյբ Էջ > Աղօթք

Աղօթք

«[…] Իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք […]» (Յկ 5.16):

Աղօթքը թէ՛ հոգեւոր պատերազմ է Սատանային դէմ եւ թէ՛ դիմում Աստուծոյ: Աստուծոյ զաւակները աղօթքով հոգեւոր միաբանութիւն կերտելով, կրնան դէմ դնել հոգեկան եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններուն, դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն եւ տագնապներուն ինչպէս նաեւ լուծումներ բերել անլոյծ եւ անելի մատնուած հարցերու իրենց եւ ուրիշներու կեանքերէն ներս:

Աղօթքով մենք կը դիմենք Հայր Աստուծոյ, Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:

Փլպ 2.9-10-ը կ'ըսէ՝ «[…] Եւ իրեն (Քրիստոսի) տուաւ անուն մը, որ վեր է բոլոր անուններէն. որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, երկնաւորներն ու երկրաւորները եւ սանդարամետականները […]»: