Այբ Էջ > Եկեղեցի > Բջիջ Խումբեր
Բջիջ Խումբեր
Բջիջ խումբերը պզտիկ խումբերու համդիպումներ են, կազմուած առաջնորդէ մը եւ 12էն մինչեւ
15 անդամներէ:
Այս խումբերը կը հաւաքուին շաբաթը անգամ, Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ գտնուող
տուներու մէջ: Այս խումբերը այսպիսով կը քաջալերեն տնային հանդիպումները, որոնք ընդհանրապէս
կ'ըլլան աւելի մտերիմ եւ անձնական հանդիպումներ: Բջիջ խումբերու հանդիպումները չեն
սահմանափակուիր շաբաթը մէկ ժամ հանդիպումով, հապա յարատեւ կը մշակեն եւ կ'աճեցնեն ընկերութիւնը
իր բոլոր բաժիններուն մէջը:
Բջիջ խումբերը պզտիկ եկեղեցիներ են, որոնց մէջ զանազան ծառայութիւններ տեղի կ'ունենան՝
Օրուան խօսքը, երգեցողութիւն, աղօթք եւ քաջալերական, ծառայութիւնը հոգեւոր մթնոլորտին
մէջ պահելու նպատակով: Անշուշտ այս պզտիկ եկեղեցին ընդհանուր եկեղեցին չի փոխարիներ,
սակայն կ'օգնէ անոր տեսիլքն ու ծրագիրը ամբողջացնելու համար:
Բջիջ խումբը միասնաբար կ'աճի Աստուծոյ խօսքով, հոգիով, միութեամբ, սիրով եւ հաւատքով:
Բջիջ խումբին թիրախը հոգիներու փրկութիւնն է:
Աստուածաշունչին մէջ, կը տեսնենք բջիջ խումբերու օրինակներ: Մովսէս ժողովուրդը բաժնեց
խումբերու ու անոնց վրայ կարգեց հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ
որպէսզի աւելի դիւրին ձեւով կառավարէ ժողովուրդը:
Նոյնպէս նաեւ Յիսուս ունէր իր 12 աշակերտները, ունէր նաեւ 70-ը, որոնք կը ղրկուէին
երկու-երկու ծառայութեան համար:
Բջիջ խումբերը բազմապատկուելու աստուածաշնչական լաւագոյն միջոցն է: