Այբ Էջ > Եկեղեցի
Եկեղեցի
Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցին եւ Առաքելութիւնը ծնունդ առաւ 1994 թուականին, Վեր. Գէորգ Չափարեանի կոչումով եւ որպէս եկեղեցի հաստատուեցաւ Յուլիս 14, 2008-ին:
Եկեղեցւոյ տեսիլքն է իրականացնել Մեծ Յանձնարարութիւնը՝ «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի: Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը: Ամէն» (Մտ 28.19-20):
Եկեղեցւոյ նպատակն է շահիլ մարդիկը Քրիստոսի համար ամրապնդել զանոնք, սորվեցնել անոնց եւ աշխարհ ղրկել:
Մեր ծրագիրն է հանել մշակներ հունձքին համար: